2012-02-10 13:22:57

Պէյրութի Մէջ Իսլամ Քրիստոնեայ Վեհաժողովի Աւարտին Հրապարակուած Է Հաղորդագրութիւն Մը՝


Որ Կը Դրսեւորէ Լիբանանի Ազգային Համերաշխութեան Եւ Իսլամ-Քրիստոնեայ Գոյակցութեան Երկիր Ըլլալու Օրինակելի Պատկերը ։
Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ, տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ վեհաժողով մը` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ Պէյրութի առաջնորդարանին կատարած այցելութեան առիթով:
Վեհաժողովին Ռայի պատրիարքին կողքին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ասորի կաթողիկէ համայնքի Իգնատիոս Եուսեֆ Եունան պատրիարքը, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդը՝ Պուլոս Մաթար, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդը՝ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս, յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի ներկայացուցիչը՝ շէյխ Ամին Քըրտի, շիիթներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագա շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի ներկայացուցիչը՝ շէյխ Ահմետ Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետը՝ շէյխ Նայիմ Հասան, վեր. Սելիմ Սահիուն եւ շարք մը այլ հոգեւորականներ:
Վեհաժողովէն ետք մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն` որդեգրելու լիբանանեան միացեալ կեցուածք մը եւ ազգային ճառախօսութիւն մը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի խաղաղութիւնը պահպանել` շրջանային բարդ եւ զգայուն պայմաններուն լոյսին տակ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վեհաժողովը կը դրսեւորէ ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան երկիր ըլլալու Լիբանանի օրինակելի պատկերը:









All the contents on this site are copyrighted ©.