2012-02-09 14:12:44

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Հինգշաբթի 9 փետրուարին առաւօտեան ժամը 11ին Ռատիովատիկանի Մարքոնի անուան սրահին մէջ Գարիթաս/ Միկարնաթէս հաստատութեան Գաղթականութեան վիճակագրական թղթածրարի խմբագրութիւնը կը ներկայացնէ << 1951 - 2011։Ներգաղթ Իտալիոյ անցեալի ու ապագայի միջեւ։>> հատորը։



9-11 փետրուար Գոնչիլիացիոնէ Լսարանի Գորօ Սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Յիսուս մեր ժամանակակիցը>> խորագրով համաժողով մը Իտալիոյ Եպիսկոպոսկան Համահաւաք դասի Մշակութային Ծրագրի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ։ Համաժողովին ընթացքին նախատեսուած են բանավէճեր ու մշակոյթի եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններու հետ զրոյցներ։Համաժողովին ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց Իտալիոյ Եպիսկոպոսկան Համահաւաք Դասի Նախագահը՝ Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն որ կը կատարէ նաեւ աշխատանքներուն բացումը. նաեւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսկան Համահաւաք դասի Մշակութային Ծրագրի Յանձնախումբի նախագահը՝ Կարտինալ Գամիլլօ Րուինին, Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը՝ Գերպայծառ Րինօ ֆիզիքելլան ու Քահանայապետական մշակոյթի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին։
Համաժողովը ունի որպէս նպատակակէտ ՜՜ մատնանշել <<Յիսուսի այժմէականութիւնն ու Անոր լոյս ու յոյս ներշնչող յատկանշական էութիւնը, որ մարդկութեան ճանապարհը կ՝ուղղէ, այս մեծ յեղաշրջումներու եւ կարեւոր ընտրութիւններու ժամանակշրջանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.