2012-02-09 14:30:52

Վահան Յովհաննիսեան Ազգային Ժողովի Մէջ Կ՝արծարծէ Սուրիոյ Հայ Համայնքի Հարցը։


ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան Ազգային ժողովին մէջ հարցում-պատասխանի ժամանակ կառավարութեան ուղղելով իր խօսքը նշեց, որ մեր ամէնէն փայլուն գաղութներէն մէկը` Սուրիոյ հայկական գաղութը, շատ լուրջ վտանգի տակ կը գտնուի եւ վտանգը խաժամուժն է, որ այսպիսի իրավիճակներուն ընթացքին գլուխ պիտի բարձրացնէ եւ արդէն բարձրացուցած է:
Ան նշեց, որ թէեւ հարցը քանի մը երես ունի, բայց իրեն ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ այն, որ հայրենի կառավարութիւնը արդեօք որեւէ ծրագիր ունի՞ իրավիճակի կտրուկ վատթարացման պարագային օգնութեան ձեռք մեկնելու համար:
Պատասխանելով այս հարցումին,Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան վստահեցուց, որ հարցը կը գտնուի կառավարութեան ամէնօրեայ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ եւ իրենք կ՛աշխատին համայնքին հետ: «Բնականաբար, նախ եւ առաջ մեզ կը մտահոգէ համայնքի ապահովութեան խնդիրը: Կ՛ուզեմ ձեզի վստահեցնել, որ կարելի բոլոր միջոցները կ՛օգտագործենք Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն օգնելու համար», ընդգծեց վարչապետ Սարգսեան:
Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ առնուազն բաւարարուած է անով, որ խնդիրը կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի, եւ հետաքրքրուեցաւ, որ կա՞ն վերաբնակեցման ծրագիրներ: Վարչապետը ընդգծեց, որ կ՛ուսումնասիրեն խնդիրը, թէ ի՛նչ նախապատուութիւններ կրնան յառաջանալ: «Պիտի ուղղորդենք, որ նախապատուութիւնը տրուի մայր հայրենիքին», ըսաւ Վարչապետ Սարգսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.