2012-02-09 14:10:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 9 փետրուարի առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Թանզանիայի Առաքեալական Նուիրակ՝ Գերապայածառ ֆրանսիսքօ Մոնթէչիլլօ Բատիլլան, ու ապա ժամը 11.15-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Շիքակոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ ֆրանսիս-Էուժէն Ժորժին ու անոր ընկերացող շարք մը Միացեալ Նահանգներէն Հռոմ ժամանած՝ եպիսկոպոսներուն, որոնք իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կը կատարեն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Իսկ երէկ չորեքշաբթի 8 փետրուարի առաւօտեան կատարած՝ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկ Հրանուշ Յակոբեանին։ Ռատիովատիկանի Հայակական բաժինը առիթը ունեցաւ հանդիպելու Ազնուափայլ Տիկին Յակոբեանին, որ Սրբազան Հօր հետ իր ունեցած հանդիպումին մասին խօսեցաւ. Հայրենի նախարարուհին այսպէս արտայայտուեցաւ.
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.