2012-02-09 14:30:40

Հ Հ Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնը Իտալիա։


Այս օրերուն հայրենի նախարարուհին պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Իտալիա, որուն ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ։
Տիկին Յակոբեան այս առթիւ ընկերակցութեամբ՝ Իտալիոյ մօտ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Ռուբէն Կարապետեանի եւ Փիւնիկ հիմնադրամի նախագահ տիար Ճէմպերճեանի այցելեց նաեւ Հռոմի Լեւոնեան Ք. վարժարանը, ուր ի պատիւ հայրենի հիւրին վարժարանի տեսչութիւնը սիրոյ սեղան մը սարքած էր, որուն ներկայ եղան նաեւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը եւ հիւր վարդապետներ ու անշուշտ վարժարանի ժառանգաւորները։ Սփիւռքի նախարարուհիին ողջոյնի խօսք ուղղեց Վարժարանի մեծաւորը գերյ. Հ. Գէորգ Ծ Վրդ Նորատունկեան եւ Մոնրէալէն հիւրաբար Հռոմ գտնուող գերյարգելի Գէորգ Ծ Վրդ Եղիայեան. ու սրտի խօսքը ուղղեց նախարարուհին յայտնելով իր ուրախութիւնը այս մտերմիկ հանդիպումին մասին։
Սփիւռքի նախարարը Իտալիա իր կեցութեան ընթացքին, հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ քաղաքական եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն հետ, ներկայ պիտի ըլլայ կարգ մը ձեռնարկներուն. որոնցմէ յիշենք՝ ուրբաթ 10 փետրուար 2012-ի՝ ժամը 20-ին, Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութեան ջանքերով տեղի ունեցող համերգին, Թրիէսթէի՝ Թարթինի անուան երաժշտանոցի մեծ սրահին մէջ, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ հայազգի դաշնակահարուհի Անի Մարտիրոսեան եւ Ծաղկազարդ երգչախումբը։ Նաեւ՝ 11 Փետրուարին ՜՜Ի Պատրաստութիւն Հայոց Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին՝՝ նիւթին մասին Միջազգային դասախօսական հանդիպումին ։
Այս միջոցառումներուն մասին Սփիւռքի նախարարուհին ըսաւ.

RealAudioMP3 RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.