2012-02-09 14:11:36

Եկեղեցին, Ապաշխարութեան Հսկումի Արարողութեան Ընթացքին Ներողութիւն Խնդրած Է Մանկամոլութեան Զոհերուն.
Մանկամլոթիւնը մեծ ամօթ մըն է եւ նուաստացուցիչ գայթակղութիւն։


Եկեղեցական զանազան հաստատութիւններու ու միաբանութիւններու ներկայացուցիչները 7 փետրուարին ապաշխարութեան հսկում կատարեցին եւ որուն ընթացքին ներողութիւն խնդրեցին մանկամոլութեան զոհերուն, յանուն մանկամոլ քահանաներուն եւ կրօնաւորներուն։
Այդ նախաձեռնութիւնը կատարուեցաւ Հռոմ գումարուած միջազգային ուսումանժողովի մը ընթացքին, Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին մէջ, որ ունէր որպէս նիւթ ''նախատեսութիւն ու պայքար մանկամոլութեան դէմ''։ Ապաշխարութեան ու աղօթքի հսկումը տեղի ունեցաւ Հռոմի կեդրոնի Ս. Ինքնատիոսի անուան հոյակերտ տաճարին մէջ։
Կարտինալ Ուելէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին, իր խօսքին մէջ ըսաւ. ՜՜այս ողբերգութիւնը Եկեղեցւոյ համար մեծ ամօթ մըն է եւ նուաստացուցիչ գայթակղութիւն։ Որպէս կղերականներ, պէտք է ներում խնդրենք Աստուծմէ ու զոհերէն, եւ աշխատինք այդ զոհերու մօտ գտնուիլ ամոքելու իրենց վէրքերը։
Կարտինալը խնդրեց որ յատուկ կարգադրութիւններ որդեգրուին կանխարգիլելու մանկամոլ արարքները։ Ան յոյս յայտնեց որ այս եզակի նախաձեռնութիւնը ծառայէ նաեւ այլ կառոյցներուն, պայքարելու՝ մանկամոլութեան դէմ։ Ապաշխարութեան հսկումին մասնակցողները աղօթեցին Աստուծոյ բոլոր այն զոհերուն համար, որոնք որպէս հետեւանք խորանի (մանկամոլ) սպասաւորներու արարքներուն, կորսնցուցին իրենց հաւատքը, ու Եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց վստահութիւնը։
Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նախապէս առիթը ունեցած էր տեսակցելու զոհերուն հետ, իր կատարած զանազան առաքելական ճամբորդութիւններուն ընթացքին եւ թախանձագին ներողութիւն խնդրած էր յանուն Եկեղեցւոյ։
Գերապայծառ Սիքլունա` անդամ հաւատոյ ժողովին, Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին մէջ ունեցած՝ ելոյթին ընթացքին ըսաւ. ՜՜Եկեղեցին բարոյական պատասխանատուութիւնը ունի համագործակցելու՝ Արդարութեան հետ, մանկամոլութեան պարագային, եւ վերջ դնել լռութեան նուաստացուցիչ մշակոյթին։
Եկեղեցին կանչուած է լիովին համագործակցելու քաղաքացիական իշխանութեան հետ, մանկամոլութեան ոճիրին դէմ, ասիկա իրաւական ու բարոյական պարտականութիւն մըն է։ Եկեղեցին պէտք է վերջ դնէ լռութեան նուաստացուցիչ մշակոյթին, Գերապայծառ Սիքլունա ամբաստանեց լռութիւնը ՜՜որպէս թշնամի արդարութեան ու ճշմարտութեան՝՝ նոյնիսկ երբ արարքը կը ներկայանայ որպէս Եկեղեցւոյ վնասաբեր։
ֆրանսայի Թուր թեմի առաջնորդը գերապայծառ Օպերդան իր կարգին ընդգծեց որ Ս. Աթոռը մեծ յարգանք ունի ազգային օրէնսդրութիւններուն հանդէպ։ Եկեղեցւոյ գնահատումով տեղական արդարութիւնը հարկաւոր է, պայքարելու՝ կղերի կողմէ գործուած ոճիրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.