2012-02-09 14:31:05

Արաբական Դետերը Պիտի Վերադառնան Սուրիա (Կ՝ըսէ Պան Քի Մուն)։ Փութին-ի եւ Լաւրով- Արտայայտութիւնները։


ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ երէկ Արաբական լիկայի նախագահ Նապիլ Արապին տեղեկացուցած է, որ ան մտադիր է կեանքի կոչելու Լիկայի Սուրիոյ համար կազմուած դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ “Ռուսիա Թուտէյ” կայքը։
Պան Քի Մուն լրագրողներուն յայտնած է, որ ինք Նապիլ Արապիի հետ հեռախօսակապով քննարկած է Սուրիոյ իրավիճակը եւ աւելցուցած, որ Արաբական Լիկայի նախագահը խնդրած է ՄԱԿ-ի օգնութիւնը՝ Լիկայի դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութիւնը Սուրիա ուղարկելու համար:

Ինչպէս նաեւ Պան Քի Մուն քննադատած է Ռուսիան եւ Չինաստանը ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդի Սուրիոյ բանաձեւին դէմ Վէթօ գործածելնուն համար, անոնց արարքը որակելով՝ ՝՝աղետալի՝՝ ։

Իսկ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Փետրուար 8ին յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է սուրիացի ժողովուրդին առիթ ընծայէ, որպէսզի ինք ճշդէ իր ճակատագիրը։

Միւս կողմէ օրեր առաջ Դամասկոս այցելած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ փոխնախագահ Ֆարուք Շարաային լիազօրած է ընդդիմադիր բոլոր ուժերուն հետ համապարփակ երկխօսութիւն եւ բարեփոխումներ կատարելու,նշելով որ սուրիական ղեկավարութիւնը պատրաստ է առանց նախապայմաններու ազգային համապարփակ երկխօսութիւն կատարելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.