ԱՄՆի Մօտ Առաքելական Նուիրակին Հանդիպումը ԱՄՆի Նախագահ Օպամային Հետ։
ԱՄՆի մօտ առաքելական նոր դեսպանը գերապայծառ Վիկանօ վերջերս այցելութիւն տուած է Սպիտակ
Տան։ Այդ առթիւ նախագահ Օպաման ընդգծած է իր գնահատանքը հանդէպ կաթողիկէ եկեղեցւոյ տարած
աշխատանքին ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու այլեւ՝ համայն աշխարհին մէջ։ Այս առթիւ նախագահը
դիտել տուաւ թէ որքան լսելի է Սրբազան Քահանայապետին ձայնը ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը
հանդէպ աղքատներուն սովածներուն, ու պատերազմի զոհերուն եւ Ս. Աթոռը իր այս վսեմ առաքելութեամբ
կարեւոր գործակից մը եղած է Միացեալ Նահանգներուն։