2012-02-08 12:07:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշանթի 8 փետրուար,առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ համախմբուած՝ բազմահազար ուխտաւորներուն։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնը անդրադարձաւ Յիսուսի Մահուան ողբերգրական երկու հանգրուաններուն ։ Առաջին երեք ժամերու ընթացին Յիսուս ենթարկուած է ծաղրանքի եւ ոչ հաւատացեալներու թերահաւատութեան։ Ապա խաւարը կը պատէ երկիրը ։ Կարծէք տիեզերքը կը մասնակացի այս դէպքին։ Աստուածաշունջի մէջ ՝՝խաւարը՝՝ կը խորհրդանշէ Չարին ներկայութիւնը եւ միաժամանակ նաեւ Աստուծոյ խորհրդաւոր ներկայութիւնը։ Յիսուսի խաչելութեան պահուն խաւարը նշանն է Աստուծոյ Որդւոյն մահուան ու անոր սիրոյ արտայատութեան ստեղծուած նոր կեանքին։ Լռութեան մէջ Աստուծոյ սիրոյ հայացքը կեդրոնացած է Որդիին սիրոյ պարգեւին վրայ։ Յիսուս ինքնիրեն կը վերագրէ Սաղմոսերգուի աղաղակը եւ իր ուսերուն վրայ կ՛առնէ մարդկութեան կսկիծը, զայն տանելով Ատուծոյ սրտին, ապահով Աստուածային պատասխանէն` որ է փրկութիւնը` իրեն ու շատերուն համար։ Ու մենք(ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակելով ) տառապանքի այժմէականութեան դիմաց կը գտնուինք նաեւ Յարութեան այժմէականութեան առջեւ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ողջոյնի յատուկ խօսք մը ուղղելով Երիտասարդներուն, Հիւանդներուն ու Նորապսակեալներուն քաջալերելով զանոնք վստահութեամբ նայելու Աստուծոյ նախախնամութեան։
Հուսկ ի տես Եւրոպայի վրայ ազդու սառնամանիքին որ ահաւոր վնսաներ կը պատճառէ ամէնուրէք Սրբազան Հայրը ուզեց իր մօտիկութիւնը յայտնել բոլոր անոնց որոնք այս օրերուն մեծ դժուարութեանց հետ դէմ հանդիման գտնուեցանու կը գտնուին տակաւին, նուիրելով իր աղօթքները՝ այս սառնամած ձմրան զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա կոչ ուղղեց զօրակցութեան, վեհանձնութեան եւ անձնուիրումի հոգիով օգնութեան հասնելու անոնց։








All the contents on this site are copyrighted ©.