2012-02-08 12:11:42

Հոնտուրաս։ Կարտինալ Մարատիակայի Խօսքը Հանրապետութեան Նախագահին։


Սուայբայի Տիրամօր Յայտնութեան 265ամեակին առթիւ, Կարտինալ Մարատիակա Պատարագ մատուցած է, որուն մասնակցած են երկրին նախագահն ու կառավարութիւնը, զինւորականներ ու դիւանագէտներ ։ Իր արտասանած քարոզին մէջ Կարտինալը ընդգծած է որ միմիայն հաւատքն ու յոյսը կարող են խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը վերահաստատել երկրին մէջ։ Հունտուրասը ամէն օր կը տառապի աճող աղքատութեամբ, կեանքի ոչ-յարգանքի ոստիկանութեան կաշառակերութեան ու բռնութիւններու հետեւանքով։ Մեր երկրի վէրքերը մահաբեր են, մենք չենք կարող վախի մէջ ապրիլ, եւ ոչ ալ թոյլ տալ չարէն պարտուիլ։ Կարտինալը խնդրեց ծնողներէն իրենց զաւակներուն սորվեցնել Աստուծոյ Տասը պատուիրանները եւ մասնաւորապէս ''մի' սպաններ'' Պաուիրանը։ Նշենք որ Հոնտուրասը իր 8,2 միլիոն բնակչութեամբ, կը դիմագրաւէ բռնութեան ալիք մը, ուր ամէն օր 20 հոգիներ կը սպաննուին։ Կառավարութիւնը ներկայիս մաքրագործութիւններ կը կատարէ ազգային ոստիկանութեան մէջ դատաւարութիւններու միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.