2012-02-08 12:13:12

Հնդկաստան։ Կարտինալ Կրասիաս Կը Խնդրէ Երկրի Պատասխանատուներէն ՝՝Արմատախիլ Ընել Ապամարդկային Բոլոր Երեւոյթները՝՝։


Կարտինալ Կրասիաս` նախագահը Հնդկաստանի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասին, խօսք առնելով Հնդկաստանի Եկեղեցւոյ 30-րդ լիանիստ գումարին, որուն նիւթն է ''Եկեղեցւոյ դերը լաւագոյն Հնդկաստանի մը համար'', Կարտինալը ըսաւ թէ հարկաւոր է արմատախիլ ընել Հնդկաստանին մէջ տմարդի բոլոր երեւոյթները, ինչպէս կիներու հարստահարումը, աղքատ դասակարգի դէմ կատարուած խտրականութիւնը, քաղաքացիական ու կրօնական ազատութեան ժխտումը, ինչպէս նաեւ անհատին շահագործումի բոլոր երեւոյթները։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է երաշխաւորել աղքատին արժանաւորութիւնը։ Կարտինալը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով ՝՝Հնդկաստանի եկեղեցին կանչուած է ըլլալու շարժիչ ոյժը ընկերութեան՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.