2012-02-08 12:08:49

Կարտինալ Սարահ մեկնաբանելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Քառասնորդացի պատգամը ըսած է ՝՝ապականութիւնը ու բռնութիւնը խլրդի նման կը հիւծէ ընկերութիւնը՝՝։


Միջազգային մամուլին առջեւ ներկայացնելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Քառասնորդացի պատգամը Կարտինալ Սարահ` նախագահը ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած Վատիկանի բարեսիրական Մարմնին, յայտնած է որ ապականութիւնը, հարստութեան դիզումը, բռնութիւնը, հաւաքականութեան հաշւոյն ապրիլը առանց իր օժանդակութիւնը բերելու ընկերութեան, խլիրդ մըն է որ կը մաշեցնէ ընկերութիւնը։ Կարտինալին համոզումով հարկաւոր է պայքարիլ այդ անարդարութիւններու բարոյական արմատներուն դէմ։ Ներկայ ընկերութեան ֆինանսական տագնապին արմատն է անհատին ընչաքաղցութիւնը ։ Եկեղեցւոյ համար ՝՝փողի սէրը՝՝ մեղք է, դատապարտութեան արժանի։ Կարտինալը ընդգծելով հարկաւորութիւնը նիւթական բարիքներուն, յիշեցուց կարեւորութիւնը անդենականութեան փրկութեան եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր անհատի հոգեւոր պատասխանատուութիւնը հանդէպ իր եղբօր։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 2012-ին Քառանորդացի Պատգամը կեդրոնացած է ՝՝մերձաւորի օգնութեան հասնելու, միասնականութեան ոյժին վրայ՝՝։



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քառասնորդաց Շրջանի Պատգամը։


Երեքշաբթի 7 փետրուարի առաւօտեան ժամը 11.30-ին՝ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի՝ ՅՊԲ.ի անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ներկայացնելու՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին քառասնորդաց շրջանին առթիւ յղած պատգամը, որ ունի որպէս նիւթ <<իրարու ուշադիր ըլլանք, մէկը միւսը խթանելու որղորմութեան ու բարի գործերուն մէջ>>։ Պատգամին ներկայացումը կատարեցին Մէկ Սիրտ Քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդի նախագահը՝ Կարտինալ Րոպերթ Սարան, վերոյիշեալ խորհուրդի փոխ նախագահը՝ գերապայծառ Ճամբիէթրօ Թոզօ եւ ենթաքարտուղար գերապայածառ Սէկունտօ Դէատօ Միունոզ։
Իր յղած պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը յայտնէ թէ քառասնորդաց շրջանը առիթ մըն է խորհրդածելու՝ ՜՜ողորմութեան՝՝ մասին որ Քրիստոնէական կեանքի կեդրոնն է։
Արդարեւ՝ կը գրէ ան. ՜՜ այս ժամանակաշրջանը պատեհ առիթ մըն է՝ Սուրբ գրային ընթերցումներու եւ խորհուրդներու մատակարարութեան օգնութեամբ՝ նորոգելու մեր հաւատքի ուխտը, ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ։ Ուղեւորութիւն մըն է. դրոշմուած՝ աղօթքով ու բաժնեկցութեամբ, լռութեամբ ու ծոմապահութեամբ՝ ի պատրաստութիւն Զատկուայ ուրախութիւնը ապրելու։
Սրբազան Հայրը իր պատգամի առաջին մասը կը յատկացնէ քրիստոնեայի պարտականութեան որ է՝ ՜՜ ուշադիր ըլլալ եղբայրակիցներուն ու անոնց հանդէպ պատասխանատուութիւն ցուցաբերել՝՝։
Ուրիշի հանդէպ ուշադիր ըլլալու հետեւանքը կը նշանակէ անոր համար փնտռել բարիքը ըլլայ ֆիզիքական ըլլայ բարոյական եւ ըլլայ հոգեկան գետնի վրայ։ Ժամանակակից մշակոյթը կարծէք կորսնցուցած է ՜՜Բարիի եւ Չարի՝՝ իմաստը` մինչ հարկ է հաստատել թէ բարին գոյութիւն ունի եւ միշտ յաղթական է որովհետեւ Աստուած <<բարի է ու բարին կը գործէ>>։
Պատգամին երկրոդ բաժինը, կը մատնանշէ փոխադարձութեան պարգեւի կարեւորութիւնը։ Այսօրուայ ընկերութիւնը կը թուի անտարբեր ու խուլ ֆիզիքական տանջանքներու ու նաեւ կեանքի հոգեւոր եւ բարոյական պահանջներու դիմաց, կը գրէ Սրբազան Հայրը։ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը սակայն տարբեր ձեւով ապրելու է։ Սուրբ Պօղոս կը հրաւիրէ հաւատացեալները հետապնդելու <<ինչ որ նպաստաւոր է խաղաղութեան եւ փոխադարձ օգնութեան>> առանց փնտռելու անձնական շահը այլ նախանձախնդիր ըլլալ բազմութեան օգուտին որպէսզի ամէնքն ալ փրկուին։ Իրար զիրար յորդորելը ու փոխադարձաբար խրատելը ` հեզութեան ու սիրոյ հոգիով՝ քրիտոնէական կեանքի կարեւոր մասը պէտք է ըլլայ։
Հուսկ պատգամին երրորդ ու վերջին մասը կեդրոնացած է պատգամի խորագրի վերջին հատուածին. << մէկը միւսը խթանել որղորմութեան ու բարի գործերուն մէջ>> միասնաբար ընթանալու դէպի սրբութիւն։ Նորին Սրբութիւնը ապա կ՛եզրափակէ պատգամը կոչ ուղղելով բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, պատասխանելու՝ աշխարհի քրիստոնեաներէն սպասած պահանջքին, Տիրոջ հանդէպ սիրոյ եւ հաւատարմութեան նորոգուած վկայութիւն մը տալու։ Հարկ է - կը հասատատէ Սրբազան Հայրը - որ ամէնքս զգանք այս պահանջքը ու յանձնառութեամբ գործենք սիրոյ ճանապարհով նա մանաւանդ Զատկուայ պատրաստողական քառասնորդաց այս շրջանի ընթացքին։ Արդիւնաւոր եւ սուրբ քառասնորդացի բարի մաղթանքերով բոլորդ կը յանձնեմ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան ու ձեր վրայ կը հայցեմ հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.