2012-02-08 12:13:15

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ԶԵՆՈԲ ԳԼԱԿ (Ասորի Կրօնաւորը) ։


Չորրորդ դարու ուրիշ օտար հեղինակ մըն է` ասորի կրօնաւոր մը` Զենոբ Գլակ անունով` որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հետը բերած էր Կեսարիայէն` որպէսզի քարոզէ քրիստոնէութիւնը հայերուն եւ ուսուցանէ զիրենք կրօնաւորական կեանքի մասին։ Լուսաուորիչ զինք կը կարգէ աբբահայր առաջին վանքին զոր կը հիմնէ Տարօն գաւառին մէջ` Սուրբ Կարապետի վանքը` որ կոչուած էր նաեւ իննակնեան` որովհետեւ ինը աղբիւրի մօտ կառուցուած էր եւ հոն զետեղած էր Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքը` զոր Կեսարիոյ Արքեպիսկոպոսը, Ղեւոնդիոս` նուիրած էր Սուրբ Գրիգորի։
Զենոբ ապրած է չորրորդ դարուն Հայաստանի մէջ` եւ ծանօթացած է վստահաբար Ագաթանգեղոսի` որ Տրդատ թագաւորի քարտուղարն էր եւ նոյն աղբիւրներէն օգտուած են երկուքն ալ գրելու համար իրենց Հայոց Պատմութիւնը` մին յունարէն լեզուով` իսկ միոսը, ասորերէն։ Ըստ իր հաստատածին` Զենոբ շարադրած է իր գիրքը Ագաթանգեղոսէն առաջ։
Աւելի մանրամասնութիւններ չունինք Զընոբի կեանքի մասին` միայն կրնանք ապահով ըլլալ որ ասորի վարդապետներու եւ կրօնաւորներու մուտքը Հայաստան շարունակուեցաւ մինչեւ չորրորդ դարու կէսերը` երբ Դանիէլ Ասորի րաբունապետը յաջորդեց Յուսիկ Պարթեւ Հայ Հայրապետին` կաթողիկոսական Աթոռին վրայ։
Զենոբ Գլակ կը սկսի իր պատմութիւնը մեզի տալով մի քանի նամակներ.
- Առաջինը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի գրած նամակն է առ Ղեւոնդիոս Կեսարիոյ Հայրապետը` ուր շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ս. Յովհաննէս Մկրտչի մասունքներուն համար եւ կը պատմէ թէ ինչ մեծ հրաշքներ եւ հրաշալիքներ կը պատահին շնորհիւ այդ սուրբ մասունքներուն։ Կը խնդրէ նաեւ որ Հայաստան ուղարկէ երկու սրբակեաց ճգնաւորներու կողքին` Անտոնի եւ Կրոնիդէսի` որոնք արդէն Հաաստան կը գտնուէին` նաեւ Տիմոթէոս եւ Եղիազար սրբութեան համբաւ ունեցող կրօնաւորները։
- Երկրորդ նամակը Ղեւոնդիոս հայրապետինն է` ուղղուած առ Սուրբ Գրիգոր` ուր սոյն հայրապետը կը խնդակցի Հաաստանի մէջ կատարուած սքանչելի դէպքերուն համար` սակայն կը ցաւի թէ առ այժմ չի կրնար ղրկել այդ երկու կրօնաւորները` որովհետեւ ուրիշ տեղ գացած են առաքելութեան։
- Երրորդ նամակը կը գրէ Սուրբ Գրիգոր եւ կ՚ուղղէ վերոյիշեալ կրօնաւորներուն` Տիմոթէոսի եւ Եղիազարի ուղղակիօրէն. նամակատարերը կ՚երթան մինչեւ Բիւզանդիոն` ուր սական չեն գտներ սոյն կրօնաւորները` բայց կը հանդիպին անոնց աշակերտներուն ու գործակիցներուն` որոնք իմանալով նամակաբերի բըրնէն այդ հրաշալի դարձը Հայ Ազգին որ տեղի ունեցած էր Լուսաուորչի ձեռամբ` կը խնդրեն որ անպայման գրի առնուի Հայոց քրիստոնէութեան դարձի պատմութիւնը` որպէսզի բոլոր քրիստոնեայ աշխարհը ծանօթանայ անոր։
Այս նամակին իբրեւ պատասխան` Սուրբ Գրիգոր Լուսաուորիչ կը խնդրէ ասորի Զենոբ Գլակէն որ գրէ այս բոլոր դէպքերու պատմութիւնը։ Զենոբ նախ կը սկսի նկարագրելով Խոսրով թագաւորի նենգ մահը ձեռամբ Անակ Պարթեւի` որ ուրիշ մէկը չէր եթէ ոչ Գրիգորի հայրը։ Անակի ազգատոհմը կը բնաջնջուի բացի երկու մանուկներէ` որոնք կը փախցուին դէպի Կեսարիայ եւ հոն քրիստոնէական կրթութիւն կը ստանան։
Երբ Տրդատ` Խոսրովի որդին` կը յաջողի բարձրանալ հայոց գահին վրայ` Գրիգոր կու գայ իր մօտ` սպասաւորութիւն ընելու։ Սակայն երբ կը գիտցուի իր քրիստոնեայ ըլլալը եւ Անակի որդի` բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք` կը նետուի Խոր Վիրապ։ Հոն տասնը-չորս տարի ողջ մնալէ ետք` դուրս կը հանուի եւ դարձի կը բերէ ամբողջ հայ ազգը` յետ արքունիքի բոլոր անձերուն։
Ապա կը պատմէ այն պատերազմը զոր Տրդատ կը մղէ երկու հեթանոս մնացած իշխաններու դէմ` Արձան եւ Դեմետր` եւ թագաւորին յաղթանակը կռապաշտութեան վրայ։ Իր գրութեան համար` ինչպէս ինք կ՚ըսէ` օգտուած է օտար աբիւրներէ` զորս կ՚անուանէ Բարդածան եւ Պիսիդոն թարգմանիչ։ Սակայն այս աբիւրները մեզի երբեք հասած չեն։ Իսկ Զենոբի ասորերէն բնագիրն ալ չունինք` այլ միայն հայերէն թարգմանութիւնը` ինչ որ երբեմն տեղի տուած է բուն բնագրին աղաւաղումներուն։
Հաւանաբար իր թարգմանիչը եղած պէտք է ըլլայ Յովհան Մամիկոնեանը որովհետեւ ոճը շատ կը նմանի սոյն հինգերորդ դարու թարգմանիչ-գրագէտին։ Առաջին տպագրութիւնը հայերէն լեզուով եղած է Կոստանդնուպոլիս` 1719-ին ջանքերովը Պաղտասար Դպիրի` ապա Վենետիկ` Մխիթարեան վանքին մէջ` 1836-ին։ Իսկ ֆրանսերէն լեզուով թարգմանած է նախ Բրիւտոմ 1864-ին եւ ապա Լանկլուա` 1867 թուականին։
Թէպէտ օտար լեզուով շարադրուած` օտարազգիի մը կողմէ` Զենոբ Գլակի պատմութիւնը հարազատ է ամէն մի հայու` եւ կը կազմէ ստոյգ վկայութիւն մը Հաաստանի մէջ պատահած այդ հրաշալի դէպքերուն` չորրորդ դարու սկիզբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.