2012-02-08 12:10:52

Գերապայծառ Պատըր Իր Մտտավախութիւնը Կը Յայտնէ Ի Տես Կրօնական Ծայրայեղութեան Ալիքին՝ Իսլամ Աշխարհին Մէջ։


Ալճերիոյ Կաթողիկէ Առաջնորդը Գերապայծառ Պատըր, Գերմանիոյ Գոլոնիա քաղաքը գտնուող ՝՝Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցիին '' բարեգործականին կատարած այցելութեան ընթացքին , իր մտավախութիւնները յայտնած է ի տես կրօնական ծայրայեղութեանց ալիքի աճումին, իսլամ աշխարհին մէջ։ Ներկայիս (ըսած է Ալճերիոյ Գերապայծառը) Իսլամ աշխարհին մէջ ապրող քրիստոնեաները մտահոգ են,արդարեւ բազմաթիւ քրիստոնեաններ սպաննուեցան այսպէս կոչուած ''արաբական գարնան'' ընթացքին, քան թէ Միւպարաքի իշխանութեան վերջին 30 տարիներուն։ Նոյնպէս Սուրիոյ քրիստոնեաները մտահոգ են իրենց ապագայով։ Ասսատի վարչաձեւի յեղափոխութեամբ, ստոյգ չէ որ քաղաքացիներու իրաւունքները պիտի հզօրանան, իսլամական ալիքը պիտի սահամանափակէ ազատութիւնները եւ պիտի վերահաստատէ նոր մենատիրութիւնը։ Նշենք որ Գերապայծառ Պատըր ծնած է 1951-ին հիւիսային Յորդանանին մէջ, Ան առաջին քրիստոնեայ արաբ Եպիսկոպոսն է որ կը ղեկավարէ 1838-ին ստեղծուած Ալճերիոյ Թեմը։ Հետեւաբար ան լաւ կը ճանչնայ իսլամ աշխարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.