2012-02-07 12:38:54

Պատմութիւն Հայոց
ԱՐՏԱՇԷՍԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ
(190 Ք. Ա. – 1 Ք. Վ.)


Մակնեդիայի պարտութենէն ետք` Անտիոքոս կը կորսնցնէ շատ մը հողեր, իսկ յաղթական Հռոմը կը թողու որ Անտիոքոսի հարկատու ազգերը վերստանան իրենց անկախութիւնը. Այս քաղաքականութեամբ` Հռոմը կը ջանայ տկարացնել Արեւելքի մեծ պետութիւնները, ինչ որ դուռը կը բանայ աւելի փոքր պետութիւններու վերստին անկախացումին։ Մեծ Հայքն ու Փոքր Հայքը անկախ թագաւորութիւններ կը կազմեն։
Արտաշէս Ա. Հայաստանի գահին վրայ
Մեծ Հայքի հայ կառավարիչն էր Արտաշէս. Օգտուելով Ատիոքոսի պարտութենէն, ինքզինք հռչակեց թագաւոր Հայաստանի. Պատերազմներ մղեց թէ Սելեւկեաններուն եւ թէ Պարթեւներուն դէմ. Օգնեց Մարերուն անոնց ապստամբութեան ընթացքին Սելեւկեաններու դէմ եւ այսպէսով զօրացուց իր իշխանութիւնը շրջանին մէջ, կազմելով ապահով սահմաններով պետութիւն մը, հզօր եւ անկախ։
Արտաշէս կ՛ամուսնանայ Աղուաններու Սաթենիկ իշխանուհիին հետ
Արտաշէս պատերազմեցաւ հիւսիսէն արշաւող Աղուաններուն դէմ, զանոնք քշելով Կուր գետի հիւսիսը. Ան յաջողեցաւ գերի բռնել թագաւորի որդին. Զինք ազատելու համար, Աղուաններու թագաւորը ղրկեց իր աղջիկը` Սաթենիկը՝ Արտաշէսի մօտ. Հայ թագաւորը, հրապուրուած անոր գեղեցկութենէն, որոշեց ամուսնանալ անոր հետ եւ խաղաղութեան ու բարեկամութեան դաշինք կնքեց Աղուաններու հետ։
Արտաշէս կը հիմնէ իր մայրաքաղաքը` Արտաշատ
Աննիբաղ, Կարքեդոնի նշանաւոր զօրավարը, Հռոմէն կրած իր պարտութենէն ետք, ապաստանեցաւ Հայսատան. Արտաշէս զինք մեծ պատիւներով ընդունեցաւ. Աննիբաղն է որ խորհուրդ տուաւ Արտաշէսի հիմնել նոր մայրաքաղաք մը, Արաքս գետի ափին վրայ, Երեւանէն ոչ շատ հեռու։ Աննիբաղ տուաւ հայ թագաւորին զինուորական շատ մը խորհուրդներ, հայկական բանակի կազմակերպութեան շուրջ։ Ան հսկեց նաեւ նոր մայրաքաղաքի շինութեան վրայ, որը կոչուեցաւ թագաւորին անունով` Արտաշատ։
Արտաշէսի յաջորդները
Արտաշէս Ա.ի մահուընէ ետք, յետ 31 տարուան թագաւորութեան (190-159), յաջորդաբար Հայաստանի գահը բարձրացան հետեւեալ թագաւորները։ Արտաւազդ Ա. (159-149), որ շատ չսիրուեցաւ իր ժողովուրդէն եւ հաւանաբար դաւով սպաննուեցաւ։ Տիգրան Ա. (149-123), որ հաճոյասէր թագաւոր մը եղաւ աւելի հետամուտ որսորդութեան եւ խնճոյքներու, քան պատերազմի։ Արտաւազդ Բ. (123-94) եղաւ գրագէտ թագաւոր մը որ յունարէն լեզուով բազմաթիւ ողբերգութիւններ յօրինեց։ Այս բոլոր թագաւորները պաշտպանեցին երկիրը թշնամիներու դէմ եւ պատրաստեցին հողը Մեծն Տիգրան Բ. Թագաւորի տէրութեան եւ հետագայ արշաւանքներուն։
Փոքր Հայքի կացութիւնը նոյն շրջանին
Զարեհի յաջորդները տիրեցին Փոքր Հայքի վրայ, որ նոյնպէս անկախացած էր Անտիոքոսի պարտութենէն ետք (190)։ Անոնց մէջէն նշանաւոր հանդիսացաւ Միհրդատ անունով թագաւոր մը, զոր պէտք չէ շփոթել Պոնտոսի Միհրդատ թագաւորին հետ։ Ի վերջոյ սակայն, Մեծն Տիգրան եւ Պոնտացի Միհրդատը իրենց միջեւ բաժնեցին այս երկիրը, վերջ դնելով Փոքր Հայքի թագաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.