2012-02-07 15:24:35

՜՜Ընդհանրական Ժողով Եւ Էքիւմենիզմ՝՝ Նիւթով Խորհրդաժողով


Խորհրդաժողովին Մասնակիցները Այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք։
Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին հրաւէրով՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Շրջանային ընդհանուր քարտուղարներու համաշխարհային խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ հետեւեալ բնանիւթով՝ ՜՜Ընդհանրական ժողով եւ էքիւմենիզմ՝՝: Խորհրդաժողովի բացումը կատարուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, այս առթիւ ներկաները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` որպէս նախկին ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, հարուստ՝ էքիւմենիք փորձառութեամբ, էքիւմենիզմի տեսլականով եկեղեցապետ եւ հեղինակ էքիւմենիզմի մասին բազմաթիւ գիրքերու, լսելու համար վեհափառին խորհրդածութիւնները ՜՜էքիւմենիզմի եւ ընդհանրական ժողով եզրերու մասին՝՝:
Վեհափառը խօսեցաւ միջազգային եկեղեցագործութեան, Էքիւմենիզմի գործնականութեան եւ իրականացման համար թափուած ճիգերուն, եկեղեցիներու էքիւմենիզմի մասին տարբեր ըմբռնումներուն, դիմագրաւուած նորանոր «շիզմերու» (բաժնուածներու) ներխուժման մարտահրաւէրներուն եւ եկեղեցիներու միութեան համար էքիւմենիզմի նոր մեկնաբանութիւններու կարիքին մասին` ընդգծելով քրիստոնեայ-իսլամ միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ, եւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Փոլ Ռուհանա եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ` դոկտ. Օլաֆ Թվիդ: Ներկաները ապա այցելեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանը եւ կէսօրին եղան վեհափառին ճաշի հիւրը: Յայտնենք, որ աւելի քան 44 ընդհանուր քարտուղարներ երկրագունդի բոլոր կողմերէն կը մասնակցին այս խորհրդաժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Սայտաթ էլ Ժապալ վանքին մէջ` Ատմա, մինչեւ 11 փետրուար:








All the contents on this site are copyrighted ©.