2012-02-06 12:07:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 6 փետրուար 2012 առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եւրոմիութեան Պտուիրակութեան Պետ` Տիկին Լորանս Արկիմոն Փիսդր հաւատարմագրերու ներկայացման առիթով։ ֆրանսացի Տիկին Լորանս Արկիմոն Փիսդր ծնած է 1953ին եւ 70ական թուականներէն ասդին Եւրոմիութեան յանձնախումբի մէջ ստանձնած է զանազան պաշտօններ ու մինչեւ վերջերս կը վարէր Փարիզի Ունէսքօյի մօտ Եւրոմիութեան Պտուիրակութեան Պետի պաշտօն ու այսօրուընէ սոյն պաշտօնը կը ստանձնէ Սուրբ Աթոռի մօտ.
Նորին Արբութիւնը ապա ժամը 11.20 անց ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուելլէն եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը։ Նշենք նաեւ որ երէկ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց ՍԷրմիկ - Երիտասարադներու միսիոնարական սպասարկութեան - կազմակերպութեան Պատուիրակութեան անդամներուն որոնք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յանձնեցին <<խաղաղութեան գործիչ>> մրացանակը որ հիմնուած է 1981-ին։ Ընդհանրապէս մրցանակը կը շնորհուի այն անձնաւորութիւններուն որ իրենց գործունէութեամբ կը սատարեն խաղաղութեան հաստատումին եւ հասարակաց բարիքին։ Պատուիրակութիւնը գլխաւորած էր Սէրմիկի հիմնադիր Էրնէսթօ Օլիվէյրօ ու իտալիոյ Թորինոյի քաղաքապետ Բիէրօ ֆասսինոն ու խումբ մը իտալացի` յորդանանցի` պրազիլցի` եւ գերմանացի երիտասարդներ որոնք մասնակցած էին Խաղաղութեան Երիտասարդներ Համաշխարային Ժողովի 4րդ հանգրուանին։ Նշենք որ անցեալ 4 փետրուարին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ նախատեսուած` Սէրմիկի 7 հազար անդամներու Սրբազան Քահանայապետի հետ հանդիպումը ձիւնի պատճառաւ չեղեալ նկատուեցաւ։ ''Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քաէանայապետին` ձայն մը որ կ՛առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւնը` որ է քոյր Խաղաղութեան'' այս խօսքերով է որ Սրբազան Հօր շնորհուեցաւ խաղաղութեան գործիչ մրցանակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.