2012-02-06 12:18:30

Մալաթիոյ Գերեզմանոցին Յարակից Մատուռն Ու Շինութիւնները Քանդուած Են:


«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ քանդուած է Մալաթիոյ հայկական գերեզմանոցին կից գտնուող մատուռն ու հոգեհանգիստ կատարելու վայր հանդիսացող շինութիւնը:
Մատուռին պատերը խարխլած էին 18 ապրիլ 2007-ին ատոր մօտ գտնուող «Ճիրվէ» գրախանութին դէմ կատարուած յարձակումին ժամանակ, երբ ըստ պաշտօնական վարկածին, գերմանացի մը դանակով սպաննած էր երեք քրիստոնեաներ. անոր յաջորդած էին ոստիկաններու զինեալ գործողութիւնները, որոնց պատճառով վնասուած էին նաեւ մատուռին պատերը: Հայկական մատուռի որոշ շինութիւններ քանդուած էին աւելի ուշ ատոր յարակից հայկական գերեզմանատան ճանապարհը վերանորոգելու աշխատանքներուն պատճառով:
Մալաթիոյ հայերու բարեգործական միութիւնը բանաւոր թոյլտուութիւն ստանձնելով ձեռնարկած էր գերեզմանատան յարակից քանդուած մատուռի եւ շինութեան վերակառուցումը, որ սկսած էր երեք ամիս առաջ: Սակայն վերակառուցման աշխատանքները յառաջացուցած էին թուրք բնակիչներուն զայրոյթը, եւ անոնց պահանջով 2 փետրուարին տեղւոյն քաղաքապետարանին ուղարկած յատուկ մեքենաները սկսած են քանդել շինութիւնները:
Մալաթիոյ հայերու բարեգործական միութեան նախագահ Խոսրով Քէօլեդաւիթօղլու կը պատրաստուի այսօր հանդիպիլ նահանգապետին եւ քաղաքապետին հետ` ստանալու համար համապատասխան բացատրութիւնները: Ան չէ բացառած, որ այս ամէնը պատասխան է Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ քննարկուող ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման:








All the contents on this site are copyrighted ©.