2012-02-06 12:11:23

Անգլիոյ Եկեղեցին Մտադիր Է ''Հաւատացեալի Անձնաթուղթ'' Բաշխել Իր Հաւատացեալներուն Զանոնք Քաջալերելու Համար Հաղորդելու՝ Իրենց Հաւատքը։


Անգլիոյ կաթողիկէները մօտ ապագային ''հաւատացեալի ինքնաթուղթ'' պիտի ստանան իրենց 24 թեմերէն, յայտարարած է գերապայծառ Գոնրի` նախագահը եպիսկոպոսական դասի աւետարանութեան յանձնախումբին, ընդգծելով որ ամէնքս մեր դրամապնակներուն մէջ շարք մը տոմսեր ունինք, որոնք կը դրսեւորեն մեր ինքնութիւնը, կամ՝ ինչ որ մեզի համար կարեւոր է։ ''Հաւատացեալի ինքնաթուղթը'' կը նշանակէ որ անոր տէրը կը բաղձայ քահանայի մը ներկայութիւնը վտանգի մը պարագային, նոյնպէս կը քաջալերէ անոր տէրը հաղորդելու իր հաւատքը ուրիշին, աղօթելու եւ կանոնաւորապէս ընդունելուՍ. խորհուրդները։ Նոյնպէս անոր կը յիշեցնէ եղբայրսիրութեան իր պարտականութիւնը։ Հաւատացեալի ինքնաթուղթի ետեւ մէջբերուած է երանելի կարտինալ Նիւումանի խօսքը ''քրիստոնեան կանչուած է իր առաքելութիւնը կատարելու''։








All the contents on this site are copyrighted ©.