«Հոգեւոր եւ հոգեկան խաղաղութիւն» նիւթով դասախօսութիւն Լ. Օ. Խ.-ի մէջ
Պէյրութ Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի առողջապահական յանձնախումբին
եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի,
1 փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի
«Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հոգեւոր եւ հոգեկան խաղաղութիւն»
նիւթով, զոր ներկայացուց հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Բացման խօսքին մէջ Յասմիկ Մկրեան
ողջունեց ներկաները 2012- տարուան դասախօսական շարքին առաջին դասախօսութեան, ներկայացնելով
օրուան բասախօսը՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ դասախօսութեան շարքի տարբեր նիւթերը: Հայր
Վարդան վրդ. Գազանճեան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպողներուն
եւ սկսաւ սահմանելով երկու խաղաղութիւնները` հոգեկան եւ հոգեւոր խաղաղութիւնը: Խաղաղութիւնը
կռիւի, պատերազմի կամ վէճի, հակասութեան կամ հակառակորդ երկու կողմերու միջեւ տագնապի
բացակայութիւնն է: Ան բացատրեց, որ խաղաղութիւնը վիճակ մըն է, որուն մէջ մարդը կ՛ապրի
թէ՛ իբրեւ անհատ, թէ՛ իբրեւ հասարակութիւն: Հայր Վարդան շեշտեց, որ հոգեկանով խաղաղ
եւ հոգեւորով խաղաղ անհատներն են, որոնք պիտի կազմեն խաղաղ հասարակութիւններ, խաղաղ ընկերութիւն
եւ խաղաղ եկեղեցի: Բացատրելով հոգեկան խաղաղութիւնը` ան ըսաւ, թէ անիկա մարդու հոգեկանին
մէջ հակասութիւններու բացակայութիւնն է, բաժանումներու չգոյութիւնն է: Իսկ հոգեւոր խաղաղութիւնը
աւելի բարդ կը թուի ըլլալ, որովհետեւ հոգեւոր մարդը, բարիին եւ չարին միջեւ պայքարող
մարդն ըլլալով հանդերձ, կանչուած է խաղաղ ըլլալու, եւ այս խաղաղութիւնը ձեռք կը ձգէ միայն
Աստուծոյ մօտ ըլլալով: Հոգեւոր ըսելով կը հասկնանք այն քրիստոնեան, որ մկրտուած է, որուն
մէջ Աստուծոյ հոգին կը բնակի: Յաջորդ բաժինով հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան մանրամասնօրէն
ներկայացուց հոգեւոր խաղաղութիւն հասկացողութիւնը: Ան հաստատեց, որ հոգեւոր խաղաղութիւնը
կու գայ հաւատքի հասունութենէն եւ այդ հաւատքը կեանքի վերածելու կարողութենէն: Հոգեւոր
խաղաղութիւնը ապրողը երանելի է, լուսաւորուած է աստուածային լոյսով: Ուստի հոգիի խաղաղութիւնը
վիճակ մըն է, զոր ձեռք կը ձգենք հանգրուանային կերպով: Խաղաղութիւնը միջինարեւելեան
մշակոյթներուն մօտ բարեւելու լաւագոյն ձեւն է: Հայր Վարդան խաղաղութիւն հասկացողութիւնը
բացատրեց ներկայացնելով տարբեր մէջբերումներ` Հին ու Նոր կտակարաններէն: Հայր Վարդան
խօսեցաւ նաեւ հոգեկան խաղաղութեան մասին: Հոգեկան խաղաղութիւնը նախ եւ առաջ մտքին մէջ
է, եւ մարդուն միտքն է, որ հոգեկան խաղաղութեան եւ երջանկութեան աղբիւրն է: Առողջ եւ
խաղաղ միտքն է, որ մարդը կ՛առաջնորդէ կեանքի: Մինչ հոգեւոր խաղաղութիւնը մարդը կը դարձնէ
երանելի, հոգեկան խաղաղութիւնը մարդը կ՛ընէ երջանիկ: Մարմինն ու հոգեկանը որքան մտքին
հետ ներդաշնակ են, այնքան աւելի մարդը խաղաղ ու երջանիկ կ՛ըլլայ նոյնիսկ դժուարութիւններու
մէջ: Այն անձը, որ հոգեկան խաղաղութեան կ՛ուզէ հասնիլ, պէտք է մեկնի ու իր ետին ձգէ
ամէն տեսակի կախուածութիւն (հոգեկան ըլլայ ան թէ նիւթական): Երբ մարդը կ՛անջատուի իր
ունեցածէն եւ իր «ես»-էն, խաղաղ կ՛ապրի: Հոս է երջանկութիւնը: Երանութեան վիճակին սկիզբը:
Երանելի է այն մարդը, որ կապուած չէ իր ունեցածին: Երանելի է այն մարդը, որ իր ունեցածը
լքել գիտէ: Ու անցնիլ աւելի էականին, աւելի վսեմին, աւելի բարձրին: Դասախօսութեան
աւարտին հայր Վարդան ներկաներուն հարցումներուն պատասխանեց տալով բացատրութիւններ եւ
զանազան օրինակներ: