2012-02-05 12:17:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 5 փետրուարի կէսօրին` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած խուժ բազմութեան ներկայութեամբ, հակառակ բացառիկ ցուրտին որ այս օրերուս կը տիրէ Իտալիոյ համայն տարածքին վրայ։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներուն վրայ ուր կը խօսուի Յիսուսի Կափառնաումի մէջ իրագործած հրաշքներուն եւ բուժումներուն մասին։
Յիսուս եկաւ Չարը արմատախիլ ընելու - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ու այս բուժումները պարզապէս կը կանխեն Անոր վերջին յաղթանակը որ իրականացաւ Անոր մահով ու Յարութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ <<չարութեան>> իմաստի մասին որ է մեղքը եւ որ կարող ենք զայն յաղթահարել հաւատքի ու սիրոյ ճանապարհով։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ակնարկեց յառաջիկայ շաբաթ 11 փետրուարին նշուած Լուրտի Տիրամօր տօնին ու նոյն օրուայ առթիւ նշուած Հիւանդի Համաշխարդային օրուան, հրաւիրելով հաւատացեալները Յիսուսի ներկայացնելու իրենց հոգեկան հիւանդութիւնները վստահ ըլլալով թէ Ան պիտի ուզենայ ու կարող է բուժել զանոնք։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ակնարկելով Իտալիոյ մէջ նշուած <<Կեանքի Օրուան>> որ ունի որպէս նիւթ <<Երիտասարդներ բացուած կեանքին>>։ Սրբազան Հայրը յատուկէն ողջունեց իտալացի ուխտաւորներն ու անոնց առաջնորդները։ Սուրբ Պետրոսի դամբանի մօտ ձեր դադարը ամրապնդէ ձեր հաւատքը ու ոգեւորէ ձեր յարատեւութիւնը ապրելու քրիստոնէական օրինակելի կեանք մը - յարեց Սրբազան Հայրը - ու բոլորին մաղթելով Բարի Կիրակի մը տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.