2012-02-04 13:20:20

Պենետիկստոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
Հռոմն ու Վատիկանը Ձիւնի Տակ:


Այսօր 4 փետրուար 2012 առաւօտեան Հռոմ քաղաքը ու Վատիկանը սպիտակ նոր զգեստով ներկայացաւ Հռոմի բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն աչքերուն։ Արդարեւ գիշերուայ ընթացքին ձիւնը` որ բացառաբար կ՛իջնէ Հռմի վրայ` ծածկեց Յաւիտենական Քաղաքի սքանչելիքները։ Հրապուրիչ տեսարան մը կը ներկայանար ամէնուրէք։ Ձիւնի պատճառաւ Սրբազան Քահանայապետը պարտաւորուեցաւ յետաձգել այսօրուայ նախատեսուած ժամադրութիւնները որոնց շարքին ''խաղաութեան երիտասարդներու'' հետ հանդիպումը։ Նշենք որ վերոյիշեալ հանդիպումը կազմակերպուած էր Երիտասարդներու Միսիոնարական սպասարկութեան կողմէ եւ ունի որպէս նիւթ
''Աշխարհը այսօր կարելի է փոխել երիտասարդներով''։ Սոյն ունկնդրութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէին աւելի քան 7 հազար երիտասարդներ իտալիայէն եւ աշխարհի այլ քաղաքներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.