2012-02-04 13:23:15

2012՝ Հայ Գիրքի Տարի Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կողմէ։
- Հայ Տպագրութեան 500ամեայ ճանապարհը


Երբ այսօր պահ մը մեր աչքերուն առջեւ կը բերենք հայ առաջին տպագրիչներուն՝ Յակոբ Մեղապարտի, Աբգար Թոխաթեցիի, Աբգար որդի Սուլթանշահի, Յովհաննէս Տերզնցիի, Ոսկան Երեւանցիի, Խաչատուր Կեսարացիի եւ իրենց հետեւորդներուն անմնացորդ նուիրումով թափ ստացած հայ տպագրութեան բեղուն գործունէութեան իրերայաջորդ հանգրուանները, բարոյական պարտքը կը յուշէ մեզի յիշատակել հայերէն նրբաճաշակ տառեր ու տպագրատախտակներ պատրաստած օտար վարպետներ՝ ֆրանսացի Ռոպերթ Կրանժոնի, գերման Քրիստոֆել Ֆոն Տիկ, հոլանտացի Քրիստոֆել Վան Զիխեմ Կրտսեր եւ այլ գրաձուլողներ։ Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ է յիշել նաեւ անունները եւրոպացի հետեւեալ հայագէտներուն. այսպէս, հայատառ փայտփորիկ տպագրութեան առաջին անգամ կը հանդիպինք՝ արեւելագէտ Գուլիելմ Պոստելի «Լինկուարում» (1537), Բլեզ Դը Վիժների «Ձեռնարկ Ծածկագրերու Մասին» (1586) եւ Պետրոս Գետանոս Պալմայի «Նմոյշներ» հատորներուն մէջ։ Հայագիտական արժէք կը ներկայացնեն նաեւ իտալացի արեւելագէտ Թեզէոս Ամբրոսիոսի եւ գերման Լէօնարտ Թուրնայզերի աշխատութիւնները՝ իրենց էջերուն ընդգրկած հայերէն հատուածներով։
Հայ տպագրութեան երկրորդ 100ամեակին, օտար հայագէտներու շնորհիւ հրատարակուած հայերէն գիրքերու թիւը նկատառելի մագլցում արձանագրեց։ Հռոմը հանդիսացաւ մայրաքաղաքը այս շարժումին, երբ դաւանաբանական, քարոզչական ու միսիոնարական բնոյթ ունեցող գիրքերը իրարու յաջորդեցին։ Միաժամանակ՝ նաեւ հրատարակուեցան Հայաստան ու հայաբնակ վայրեր ուղարկուելու նպատակով պատրաստուող այլազգի քարոզիչները կրթելու ծառայող հայ լեզուի դասագիրքեր եւ հայերէն այբբենարաններ, ինչպէս՝ հայագէտ Կղեմես կալանոսի «Քերականական եւ Տրամաբանական Ներածութիւն»ը (1645), Յովհաննէս Հոլով Կոստանդնուպոլսեցիի «Զտութիւն Հայկաբանութեան» գրաբարի դասագիրքը (1674), Աստուածատուր Ներսէսովիչի «Բառգիրք Լատինացւոց եւ Հայոց» բառարանը (1695) եւ նմանօրինակ այլ հրատարակութիւններ, որոնց առաջին նմոյշը հանդիսացած էր 1621ին Փարիզի մէջ լոյս տեսած իտալացի հայագէտ Ֆրանչիսկոս Ռիվոլայի հայերէն-լատիներէն բառարանը՝ «Բառգիրք Հայոց»։
Նոյն այս ժամանակաշրջանին հայ գիրքի տպագրութեան ձեռնարկեցին նաեւ չորս իտալացի տպարանատէրեր՝ æիովանի Բովիս, æիոկոմօ Մորետի, Անտոնիօ Բորտոլի եւ Միքելանջելօ Բարբոնի, որոնց մէջ ամէնէն բեղմնաւորը եղաւ Անտոնիօ Բորտոլին, որուն հիմնադրած տպարանէն, 1695էն սկսեալ եւ դար մը ամբողջ բարձրորակ տպագրութեամբ լոյս տեսան Աւետարան, Սաղմոսարան, Տաղարան եւ այլ բազմատեսակ գիրքեր։
Հայրենի հողէն ու հարազատ միջավայրէն հեռու, ընկերային եւ նիւթական ծանր պայմաններու մէջ, պարտատէրերու եւ գրաքննիչներու հետապնդումները յաղթահարելով՝ հայ գիրքի մեր անդրանիկ երկրպագուները իրենց նուիրական առաքելութիւնը շարունակեցին՝ Վենետիկէն մինչեւ Հռոմ, Ամսթերտամէն մինչեւ Մատրաս ու Կոստանդնուպոլիսէն մինչեւ Նոր æուղա եւ այլուր, մինչեւ մերօրեայ արդիական տպարաններու հրատարակած գեղատիպ նորագոյն հատորները։ Արդարեւ, հայ գիրքի պատմութեան ու մատենագրութեան նուիրուած արեւմտահայ ու արեւելահայ բանասէրներուն մենագրութիւնները, ակադեմական աշխատասիրութիւններն ու մատենագիտական ցուցակները պերճախօս կերպով կը վկայեն, որ հինգ դարեր շարունակ լոյս տեսած հայ գիրքերը անձնուրաց աշխատանքի եւ անմնացորդ նուիրումի վկայարաններ են՝ անկախ իրենց գիտական ու գեղարուեստական բարձր արժէքէն։ Եկէ՛ք, սիրելի՛ հայորդիներ, հպանցիկ հայեացքով ակնարկ մը նետենք այս անգամ հայ գիրքի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն վրայ՝ վերապրելու համար հայ գիրքի տպագրութեան ջահակիրներուն հարուստ կենսափորձը եւ արժեւորելու հայ գիրքին ազգակերտ անփոխարինելի դերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.