2012-02-03 12:31:30

ֆրանսայի Տոմենիքեան Միաբանութեան Հայրերը, Հոգեւոր Կրթութիւն Պիտի Քարոզեն Քաղաքացիներուն՝ Համացանցի Վրայ ։


2011-ին՝ աւելի քան 50 հազար հոգի արձանագրուած էր համացանցին։
Լիլ քաղաքի տոմենիքեան միաբանութեան հայրերը, 10-րդ տարուան ըլլալով՝ հոգեւոր կրթութիւն կ'առաջարկեն քաղաքի բնակիչներուն։ Քարոզները պիտի հաղորդուին համացանցին վրայ սկսեալ 22 փետրուարէն՝ ՜՜Օր Մոխրոցէն՝՝ մինչեւ ՜՜Զատիկ՝՝ 8 ապրիլ։
10-րդ տարուայ համացանցային հոգեւոր կրթութեան նիւթը՝ Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած Յիսուսի սա խօսքն է. ''Ես աշխարհ եկայ որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան, եւ առատութեամբ ունենան''։
2011-ին աւելի քան 50 հազար հոգի արձանագրուած ու հետեւած է Լիլ քաղաքի Տոմենիքեան միաբանութեան հոգեւոր կրթութեան համացանցին միջոցաւ։ (www.retraitedanslaville.org) Նշենք որ քառասնորդացի ժամանակաշրջանը քրիստոնեայ աշխարհին համար միշտ եղած է ժամանակը ծոմապահութեան, աղօթքի, բաժնեկցումի ու մտամփոփումի, հետեւելով՝ Յիսուսի օրինակին որ քառասուն օր անապատ քաշուեցաւ, աղօթեց ու ծոմ պահեց։
Լիլ քաղաքի ՜՜Համացանցի հոգեւոր կրթութեան՝՝ նպատակն է, օգնել բոլոր այն քրիստոնեաները որոնք ժամանակ եւ կարելիութիւն չունին կամ բոլորովին հեռացած են իրենց հաւատքէն, պահ մը դադար առնելու ու խորացնելու իրենց հաւատքը Տոմենիքեան հայրերուն հետ։ Համացանցի հոգեւոր կրթութիւնը սկսաւ 2003-ին՝ հետեւողները 2000 հոգի էին, 2011ին՝ արձանագրուողները աւելի քան 50 հազար էին, եկած՝ աշխարհի 50 երկիրներէն։ Նոյն շրջանին համացանցը ունեցաւ աւելի քան 260 հազար այցելուներ, քառասուն օրերուն ընթացքին, բանաձեւուած են 2154 հարցումներ եւ խնդրուած 25 հազար աղօթքի դիտաւորութիւններ







All the contents on this site are copyrighted ©.