2012-02-03 12:30:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քարոզը Տեառնընդառաջի Տօնին Եւ ՜՜Նուիրեալ Անձերու՝՝ Համաշխարհային Օրուան Առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հինգշաբթի 2 փետրուարի երեկոյեան, գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը որուն մասնակցեցան նաեւ Նուիրեալ կեանքը ընտրող կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ։
Իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Տեառնընդառաջի տօնի նշանակութեան, որ կը յիշեցնէ Յիսուսի ներկայացումը Տաճար` անոր ծնունդէն 40 օր ետք։ Նոյն օրը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը նշուի նաեւ ՜՜Նուիրեալ Անձերու՝՝ Համաշխարհային Օրը։ Նուիրագործութեան տօն է այս, հաստատեց ան, Քրիստոսի նուիրագործումը, Տիրամօր նուիրագործումը ու նուիրագործումը բոլոր անոնց որոնք կը հետեւին Յիսուսին` Աստուծոյ Արքայութեան սիրով։
Պենետիկտոս ԺԶ. մատնանշեց նաեւ թէ ՜՜Նուիրեալ Անձերու՝՝ Համաշխարհային օրը հաստատուած էր երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ 1997-ին, եւ ունէր որպէս նպատակներէն մին՝ գոհաբանութիւն յայտնել Աստուծոյ, կոչման շնորհքը պարգեւած ըլլալուն համար։ Այս օրուայ ընթացքին համայն հասարակութեան աղօթքները յատկացուած են ամէն մէկ նուիրեալ անձի դիտաւորութեան։ Օրը հաստատուած է նաեւ՝ արժեւորելու համար Յիսուսի աշակերտողներուն վկայութիւնը եւ միեւնոյն ատեն նորոգելու անոնց ստանձնած յանձնառումը իրենք զիրենք նուիրելու Տիրոջ։
Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու բացման 50-ամեակին առթիւ իր հաստատած <<Հաւատքի Տարւոյն>> որ սկիզբ կ՛առնէ յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին։ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ներկաներուն հաստատեց, ՜՜ Հաւատոյ տարւոյն ընթացքին՝՝ դուք կանչուած էք աւելիով խորացնելու ձեր կապը Աստուծոյ հետ որպէսզի ըլլաք հաւատքի վկաներ, եկեղեցւոյ վստահելի վկաներ այսօրուայ աշխարհին մէջ։
Հուսկ՝ եզրափակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը բոլոր կրօնական հասարակութիւններուն մաղթեց բարի երթ մը ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կոչումի շնորհքը ստացան, իրենց եղբայրակիցներուն հետ միասին, դէպի երկնային հայրենիք տանող իրենց ուրախ ուղեւորութեան ընթացքին՝ կարենան վկայել Յիսուսը, մայարամուտ չճանչցող լոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.