2012-02-03 12:32:13

Համաշխարհային Դիմումնագիր Մը Արդէն 580.000 Ստորագրութիւն Ընդունած Է Մահապատիժէն Փրկելու Համար Փաքիստանցի Ազիա Պիպին։


Աւելի քան 580 հազար ստորագրութիւններ, հարիւր երկիրներէ՝ հասած են Փաքիստանի կառավարութեան, խնդրելով՝ ազատագրումը Ազիա Պիպիին՝ փաքիստանցի քրիստոնեայ կնոջ, որ 2010-ին անարդարօէն մահուան պատիժի դատապարտուած է, հայհոյիչի ամբաստանութեամբ։ Ան դարձած է խորհրդանիշը՝ Փաքիստանի հալածուած քրիստոնեաներուն եւ չարաշահումը՝ հայհոյանքի օրէնքին։ Դիմումնագիրի ստորագրութիւնը նախաձեռնած է ''նահատակներու ձայնը'' կոչուած ամերիկեեան կազմակերպութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.