2012-02-02 14:32:40

Տեառնընդառաջի Տօնին Առթիւ՝ Խօսինք Թէ Ինչպէ՞ս Է Աւանդութիւնը Հայաստանի Մէջ։


Հայ եկեղեցւոյ անշարժ տօներէն մէկն է Տեառնընդառաջի տօնը, (Տրնդեչ, Տրնդեզ կամ Տեառընդառաջը՝Տօնն է քառասնօրեայ Գալստեանն Քրիստոսի ի տաճարն) որ կը նշուի Ծնունդէն քառասուն օր ետք։ Հայ առաքելական եկեղեցին այս տօնը կը յիշատակէ 14 փետրուարին։ Տեառնընդառաջի տօնին նախորդ օրը՝ այսինքն՝ տօնին նախատօնակին է որ կը կատարուի ամէն տարի. եւ յարմարութիւններ ունեցող եկեղեցիները այդ օր աւանդական խարոյկն ալ կը վառեն եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Ժամերգութեան աւարտին, եկեղեցիին բակը կը բոցավառի Տեառընդառաջի խարոյկը, որուն շուրջ կը հաւաքուին հաւատացեալները՝ հաղորդուելու եւ իրենց մտքի եւ հոգիի խաւարը վերացնելու համար։
Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի կարգադրութեամբ Տեառնընդառաջի տօնին, սուրբ պատարագէն յետոյ կը կատարուի նորապսակեալներու օրհնութեան կարգը։
Գալով Հայաստանի մէջ աւանդութեան, կրնանք ըսել որ՝ Տեառնընդառաջի հիմնական ծէսը խարոյկ վառելն էր։ Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ խարոյկը կը վառէին միայն եկեղեցիին բակը, այլ շրջաններու մէջ՝ բոլոր տուներու բակերուն մէջ վերջապէս, կարգ մը գիւղեր խարոյկ վառելու սովորութիւնը վերապահած էին նշանուած աղջիկ կամ նորապսակ ունեցող ընտանիքներուն։
Խարոյկին փայտը կը բերէին նշանուած եւ նորապսակ երիտասարդները, պայմանաւ որ իւրաքանչիւրը որեւէ ընծայ տար եկեղեցւոյ՝ ոչխար մը, տիկ մը գինի, դրամ եւ այլն իսկ վառելէ առաջ պայման էր, որ քահանան օրհնէ փայտը։
Երեխաները մէկական հաւ գրկած՝ կը կենային խարոյկին շուրջը, որպէսզի խարոյկին ուժով զօրացած հաւերը Մեծ պահքի ընթացքին շատ հաւկիթ ածեն։
Կրակին շուրջ կը բերէին նաեւ հիւանդները, որոնք իրենց կարգին կ'ենթարկուէին խարոյկին մաքրագործող հզօր ուժին։
Անցեալին մեծ նշանակութիւն ունէր Տեառնընդառաջի խարոյկին մոխիրը։ Երիատասարդները դէպի վեր կը նետէին զայն եւ նայած թէ հովը ո՛ր ուղղութեամբ կը քշէր զայն, կը գուշակէին ապագայ կնոջ կամ փեսային վայրը։
Կը հաւատային նաեւ, որ Տեառնընդառաջի երեկոյեան ծնած երեխան շատ չար ու կրակոտ կ'ըլլայ, որովհետեւ կրակի հետ ծնած է։
Տեառնընդառաջին հացկերոյթներ, խնճոյքներ կամ փոխադարձ այցելութիւններ չէին կատարուեր։
Մեր օրերուն Փետրուար 13-ի երեկոյեան, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի նախատօնակ։ Ժամերգութենէն ետք, եկեղեցւոյ խորանի մոմէն մոմ մը վառելով հաւատացեալները կը փորձեն զայն տուն հասցնել, որպէս աստուածային լոյսի խորհրդանիշ, որ պիտի մաքրէ եւ լուսաւորէ բոլորին սիրտերն ու միտքերը։
Ըստ Աւետարանին, Յովսէփն ու Մարիամը Բեթղեհէմի մէջ 40 օր մնալէ ետք կ'առնեն մանուկ Յիսուսը եւ կերթան Երուսաղէմ՝ Անոր՝ Տիրոջը ներկայանալու (Ղուկ Ա 22)։ Անոնց ընդառաջ կու գայ Սիմոն անունով Աստուծոյ ծառան, որ Տիրոջմէն խնդրած էր իրեն այնքան կեանք տալ, մինչեւ տեսնէ Աստուծոյ փրկութիւնը։ Սրբազան աւանդութեան համաձայն, երբ տեղ կը հասնին, Աստուծոյ հրամանով փակուած տաճարի արեւելեան դուռը կը բացուի։ Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, երկինքէն իջաւ եւ մեր փրկութեան համար աշխարհ եկաւ։ Այս մէկը աստուածային սիրոյ գերագոյն դրսեւորումն է Արարիչէն հեռացած արարածին հանդէպ։ Մարդացած Աստուածորդին ամէն պահ կը դիմէ մեզի Եկէ՛ք ինծի բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ կը հանգստացնեմ։









All the contents on this site are copyrighted ©.