2012-02-02 14:32:59

Ռուսիա Կը Սպառնայ Սուրիոյ հարցով Անյարմար Որեւէ Բանաձեւ Վեթոյի Ենթարկել։


Հակառակ անոր, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ երէկ յայտնեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ կեցուածքը նուազ ժխտական դարձաւ», Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ յառաջիկայ օրերուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով բանաձեւի մը շուրջ քուէարկութիւն տեղի պիտի չունենայ: Աւելի՛ն. Եւրոպական Միութեան մօտ Ռուսիոյ պատուիրակ Վլատիմիր Չիկով յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով արաբական-եւրոպական բանաձեւի որդեգրումը բացառուած է, եթէ անոր մէջէն զինուորական միջամտութեան կարելիութիւնը բացայայտ կերպով չվերցուի: Ան ըսաւ, որ բանաձեւին «ամէնէն կարեւորը կը պակսի, յստակ յօդուած մը, որ կը բացառէ բանաձեւը Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին զինուորական միջամտութիւն կատարելու համար օգտագործել, այս պատճառով ալ այս բանաձեւի որդեգրման կարելիութիւն չեմ տեսներ»:
10 Ամիսէ ի վեր տեւող Սուրիոյ տագնապը պատճառ է աւելի քան 7հազար հոգիի մահուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.