2012-02-02 14:29:45

Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քառասնորդաց Շրջանի Պատգամը։


Յառաջիկայ երեքշաբթի օրը, 7 յունուարի առաւօտեան ժամը 11.30-ին՝ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի՝ ՅՊԲ.ի անուան սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, ներկայացնելու՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին քառասնորդաց շրջանին առթիւ յղած պատգամը, որ ունի որպէս նիւթ <<իրարու ուշադիր ըլլանք, մէկը միւսը խթանելու որղորմութեան ու բարի գործերուն մէջ>>։
Պատգամի ներկայացումը կը կատարեն Մէկ Սիրտ Քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդի նախագահը՝ Կարտինալ Րոպերթ Սարան, վերոյիշեալ խորհուրդի փոխ նախագահը՝ գերապայծառ Ճամբիէթրօ Թոզօ եւ ենթաքարտուղար գերապայածառ Սէկունտօ Դէատօ Միունոզ։








All the contents on this site are copyrighted ©.