2012-02-02 14:32:49

ԵԳԻՊՏՈՍ։ 74 Զոհեր Փորթ Սաիտ-ի ֆութպոլի Մարզադաշտին Մէջ,Ահլի եւ Մասրի Խումբերուն Խաղին Յաջորդած Բռնարարքներու Ընթացքին։


Երէկ Եգիպտոսի Փորթ Սայիտ քաղաքին մէջ Ահլի եւ Մասրի ֆութպոլի խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին յաջորդեցին բռնարարքներ` երկու ակումբներու համակիրներուն միջեւ: Փախումներու հաշուէկշիռը ողբերրգական է։ Բռնարարքներուն զոհ գացած են 74 հոգի, իսկ հարիւրաւոր ուրիշներ վիրաւորուած են :Մրցումը վերջ գտած էր Մասրիի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: Եգիպտոսի Իսլամ Եղբայրներ կուսակցութիւնը կ՝ամբաստանէ բռնարարքներու որպէս պատասխանատու՝ նախկին նախագահ Հիւսնի Միւպարէքի կողմնակիցները։ Մինչ այս 47 հոգի ձերբակալուած է։ Այսօր տեղի կ՝ունենայ Խորհրդարանական ստիպողական նիստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.