2012-02-02 14:33:20

՝՝Եթէ Սահմանադրական Խորհուրդը Հայկական Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրէնքը Մերժէ, Նոր Օրինագիծ Պիտի Առաջարկեմ՝՝ Կ՝ըսէ Նախագահ Սարքոզի ։


Ֆրնասայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտնած է, թէ Սահմանադրական Խորհուրդին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը մերժուելու պարագային՝ անյապաղ նոյն ուղղութեամբ օրէնքի նախագիծ մը պատրաստել պիտի տայ
Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի դժգոհութիւն արտայայտած է ֆրանսացի ծերակուտականներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը վիճարկելու համար Սահմանադրական Խորհուրդ դիմելու քայլին առնչութեամբ: Ֆրանսայի նախագահը նաեւ նախազգուշացուցած է, որ եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը չեղեալ նկատուի, ատկէ ետք ՝՝Ողջակիզումի՝՝ ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ դիմում պիտի ներկայացուի:
Նշենք, որ Ծերակոյտէն 77 եւ Ազգային ժողովէն 65 ստորագրութիւններով Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը 31 Յունուարին բողոքարկուած էր Սահմանադրական Խորհուրդին:








All the contents on this site are copyrighted ©.