2012-02-01 13:24:38

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Այսօր Սկիզբ Կ՛առնեն Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի Զ. Խումբին Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին Կատարուած՝ Կանոնական Այցելութիւնները։

1 - 8 փետրուար, Պանկալորի մէջ նախատեսուած է, Հնդկաստանի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի ընդհանուր հաւաքը որ ունի որպէս նիւթ <<եկեղեցւոյ դերը աւելի լաւ Հնդկաստանի մը ի նպաստ>>։

Սուրբ Յովհաննէսի լատերանեան պազիլիքայի մէջ երեկոյան ժամը 18.30 ին Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ՝ Կարտինալ Ուիլլիամ Ժոզէֆ Լէվատան կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւն մը, նշելու՝ Սանթ էճիտիօ Հասարակութեան հիմնադրութեան 44-րդ տարեդարձը։

Իտալիոյ Գիէթի Քաղաքի մէջ, տեղի կ՛ունենայ <<Ներգաղթ եւ համարկում>> խորագրով Կլոր Սեղանի Գ. հանգրուանը <<գաղթականութիւն, աշխատանք եւ զարգացում>> նիւթին մասին, որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց Գիէթի թեմի Արքեպիսկոպոսը, եւ իտալացի լրագրող Կատ Լէրնէր։








All the contents on this site are copyrighted ©.