2012-02-01 13:28:34

Հայաստանի Մէջ Հայ Լրագրողներու Նկատմամբ Ֆիզիքական Բռնութիւնները Նուազած Են, Դատերը՝ Աւելցած։


Ամփոփելով 2011ի ընթացքին Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութեան եւ լրագրողներու ու զանգուածային լրատուամիջոցներու (ԶԼՄ) իրաւունքներու վիճակին մասին կոմիտէի տարեկան զեկուցումը, Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի (ԽԱՊԿ) նախագահ Աշոտ Մելիքեան Յունուար 31ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց, թէ 2011ին, 2010ի հետ բaաղդատելով՝ զգալիօրէն նուազած են ֆիզիքական բռնութիւնները ու տեղեկութիւններ ստանալու եւ տարածելու իրաւունքի խախտումները, բայց եւ այնպէս աւելցած են ԶԼՄներու եւ լրագրողներու իրաւունքներու խախտումները, յատկապէս անոնց դէմ գործադրուող տարաբնոյթ ճնշումները: «2011ի ընթացքում լրագրողների նկատմամբ ֆիզիքական բռնութեան ընդամէնը 5 դէպք է արձանագրուել, մինչդեռ նախորդ տարի՝ 9, արձանագրուել է տեղեկութիւններ ստանալու եւ տարածելու իրաւունքի 7 խախտում՝ նախորդ տարուայ 18ի դիմաց: Մինչդեռ ԶԼՄների եւ դրանց աշխատակիցների վրայ ճնշումների աննախադէպ քանակ է գրանցուել՝ 49 (նախորդ տարի արձանագրուել էր 19 դէպք), որից 34ը դատական գործեր են եղել», ըսաւ Մելիքեան՝ յիշեցնելով երեք հանրապետական պատգամաւոր գործարարներու՝ Ռուբեն Հայրապետեանի, Սամուէլ Ալեքսանեանի եւ Լեւոն Սարգսեանի դատերը՝ ընդդէմ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն դատերը՝ ընդդէմ «Հրապարակ» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերուն եւ այլն: Ըստ Մելիքեանի, դատական գործերու թիւին աճը առնչուած է վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան մասին օրէնքի ապաքրէականացման (2010), որուն կիրառումը տարուան ընթացքին իրաւականէն անդին երթալով՝ դարձաւ քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներու գործիք՝ յատկապէս ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու դէմ: «Ընդհանուր առմամբ 2011ը եղել է բաւական դժուար՝ հայաստանեան լրատուամիջոցների համար, քանի որ դատական գործերի աննախադէպ քանակը ստեղծեցին ապառողջ մթնոլորտ. ինքնագրաքննութեան հիմք եւ թաքնուած գրաքննութեան տարրեր էին իրենց մէջ պարունակում», ըսաւ Մելիքեան՝ աւելցնելով, որ լրատուամիջոցներուն դէմ դատական այդ գործընթացները միտում ունին նիւթական դժուարութեան մատնելու եւ լռեցնելու յատկապէս «անցանկալի» լրատուամիջոցները:








All the contents on this site are copyrighted ©.