2012-01-31 12:17:07

Քրիստոնեաներու Միութեան Համար Աղօթք Պէյրութի Մէջ։


Կիրակի, 29 յունուարին, Էշրէֆիէի «սուրբ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթք։
Հանդիպումը սկիզբ առաւ պրն. Ապուտ Պօղոսի բացման խօսքով որմէ ետք Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց հայ կաթողիկէ համամիութենական շարժումին պատասխանատու հովիւ՝ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան, հանդիսապետութեամբ՝ ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, եւ մասնակցութեամբ՝ մարոնիթ, Ղպտի, Քաղտէացի, Յոյն, Ասորի, Աւետարանական Եկեղեցիներու կղերական ներկայացուցիչներու եւ Լիբանանի Եկեղեցիներու համամիութենական շարժումի պատասխանատու հովիւ՝ Սէմաան Աթալլա եպիսկոպոսին։
Աղօթքի այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, ինչպէս նաեւ՝ «Թելէ Լումիէր» հեռուստացոյցը որ պատկերասփռեց հանդիպումը։
Հ. Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան իր քարոզը սկսաւ Պօղոս առաքեալի խօսքով. «Մի դադրի՛ք աղօթելէ» ապա ան շեշտեց աղօթքի կարեւորութեան վրայ մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ աղօթքով մենք ուղղահայեաց յարաբերութեան մէջ կը մտնենք Աստուծոյ հետ, որմէ կը բխի հորիզոնական կապերը միւսներուն հետ։ Միութիւնը կը պատահի, ըսաւ ան, երբ մենք կը միանանք Աստուծոյ, ապա մեր եղբայրներուն հետ։ Պատարագիչ վարդապետը՝ Հ. Աւետիք, մէջբերումներ կատարեց Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքէն, բացատրելով այն կանոնները, որոնք կը թելադրեն աղօթքի եւ միութեան։ Ան նաեւ յիշեց Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի թելադրանքները, թէ «երբ քրիստոնեաները աղօթեն միասնաբար, աւելի կը մօտենան միութեան նպատակին»։
Հ. Աւետիք նշեց նաեւ թէ՝ բաժանումները մեզ կը հեռացնեն Քրիստոսի փափաքէն եւ մեր առաքելութենէն, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ։
Ան ըսաւ. «Միութիւնը կատարելու համար անհրաժեշտ է տեսնել ամէն անձի մէջ Աստուծոյ պատկերը։ Խնդրենք Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ միջամտութիւնը, ինչպէս որ ան միջամտեց Կանայի հարսանիքին երբ իր Որդին՝Քրիստոս, ջուրը փոխեց գինիի, այսպէս ալ Քրիստոս Աստուածամօր միջամտութեամբ կարող է փոխել մտայնութիւնները, սրտերն ու դիտաւորութիւնները»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը փոխանցեց իր պատգամը համամիութենական շարժումի կարեւորութեան մասին, շեշտելով քարոզչութեան կարեւորութիւնը, Աւետարանի արժէքները ապրելով։
Ապա բոլոր ներկայ քահանաները հաւաքուեցան եւ միասնաբար աղօթեցին Եկեղեցիներու համամիութեան համար։ Յետոյ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ հիւրասիրութիւն հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.