2012-01-31 12:08:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Փետրուար Ամսուայ Աղօթքի Դիտաւորութիւնները։


Փետրուար ամսուայ համար, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընտրած է որպէս աղօթքի ընդհանրական դիտաւորութիւն` աղօթել որպէսզի բոլոր ազգերուն մատչելի դառնայ ջուրը ու ամենօրեայ ապրուստի անհրաժեշտ կենսամիջոցները։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը առաջարկած է աղօթել որպէս առաքելական դիտաւորութիւն՝ որպէսզի Տէրը նեցուկ կանգնի աղքատ նահանգներու մէջ հիւանդներուն եւ տարեցներուն հոգատարութեամբ զբաղող առողջապահութեան գործիչներու ջանքներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.