2012-01-31 11:57:09

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ


ԵՐՈՒԱՆԴՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆը
(322 – 215 Ք. Ա.)
Մեծն Աղեքսանդրի յաղթանակը Պարսկական տէրութիւնը քայքայեց. Անոր զինուորական հանճարը, միացած Սփարթայի հռչակաւոր բանակի պատերազմական ուժեղ ջիղին, կրցաւ աննուաճ յառաջանալ եւ ամենուրեք յաղթանակներ արձանա-գրելով` հասնիլ մինչեւ Հնդկաստան, Ք.Ա. 334 թուին։
Հայաստան կ՛օգտուի Պարսկաստանի պարտութենէն
Մեծն Աղեքսանդր ղրկեց իր զօրավարներէն մին որպէս սատրապ Հայաստանի, սակայն ան չկրցաւ երկար մնալ այս երկրին մէջ, եւ Աղեքսանդրի ժառանգորդները ստիպուեցան շուտով հրաժարիլ Հայասատանի մէջ սատրապութիւն ստեղծելու գաղափարէն, որովհետեւ պարսիկ սատրապը` Որոնդէս, հնարամտութիւնը ունեցած էր անկախութիւն հռչակելու պարսկական լուծէն։ Հայաստանը լեռնային երկիր ըլլալով` Յոյները շուտով լքեցին զայն եւ թողուցին իր բախտին։
Որոնդէս Ա./ առաջին թագաւոր Հայաստանի
Ք.Ա. 322 թուին, Որոնդէս Ա., (ծագումով Պարսիկ սատրապը Հայաստանի) ինքզինք հռչակեց թագաւոր այս երկրին, անունը հայացնելով Երուանդ-ի։ Ճամբան բաց էր այլեւս եւ իրեն կը մնար պահել ու պահպանել այս անկախութիւնը, ինչ որ պիտի ընէին իր յաջորդները գրեթէ մէկ դար շարունակ։ Գլխաւոր հակառակորդը Հայաստանի Սելեւկեան կայսրութիւնն էր, որ կը տարածուէր Պարսկաստանէն մինչեւ Սուրիա եւ Միջագետք։ Սելեւկիոս, որ Աղեքսանդրի զօրավարներէն մին էր եւ որ ստացած էր ամենամեծ բաժինը իշխանութեան, հիմնեց Անտիոք քաղաքը եւ զայն դարձուց իր մայրաքաղաքը։ Իրեն յաջորդողները Անտիոքոս անունը պիտի կրէին։
Որոնդէսի յաջորդները
Անոնց մէջ կը յիշուին գլխաւորապէս Արտաւազդ եւ Երուանդ Բ. Թագաւորները որոնք գրեթէ միշտ պատերազմի մէջ եղան իրենց դրացի Սելեւկեաններու դէմ. Մէկ դար շարունակ Հայերը դիմադրեցին եւ յաղթական դուրս եկան այս պատերազմներէն։ Մինչ այդ` Սելեւկեանները կորսնցուցին իրենց տէրութենէն կարեւոր մասեր. Բիւթանիան եւ Պերկամը, որոնք շուտով անկախացան. Ի վերջոյ Պարսկաստանը եւս ապստամբեցաւ եւ յաջողեցաւ անկախութիւն ստանալ, շնորհիւ նոր գերդաստանի մը որ երկարօրէն պիտի իշխէր երկրին վրայ եւ յետագային նաեւ Հայաստանի պիտի տար իր մեծագոյն թագաւորները. Այդ գերդաստանն էր Պարթեւ Արշակունիներու ընտանիքը։
Անտիոքոս Գ., տէր Հայաստանի
222-ին, Սուրիոյ մէջ գահ բարձրացաւ Անտիոքոս Գ. Թագաւորը, Սելեւկեաններու ընտանիքէն։ Ան սկսաւ վերագրաւել իր հայրերու կորուսած հողերը եւ որոշեց նուաճել նաեւ Հայաստանը։ 215 թուին յաղթեց հայկական բանակին եւ նուաճեց երկիրը, ջնջելով Երուանդունիներու թագաւորութիւնը։ Հայաստանը բաժնեց 2 մասի. Մեծ Հայքը, որուն կառավարիչ նշանակեց Արտաշէս անունով ազնուական ընտանիքէ մէկը։ Փոքր Հայքը, որուն կառավարիչ որոշեց Որոնդէսի սերունդէն իշխան մը, Զարեհ անունով։
Հռոմ կը կործանէ Անտիոքոսի տէրութիւնը
Սակայն Հռոմ կը հսկէր Անտիոքոսի յառաջխաղացումին վրայ. Երբ այս վերջինը գրաւեց Պաղեստինը եւ քալեց Փոքր Ասիոյ վրայ, Հռովմէական լէգէոնները, 190 թուին` Մակնեդիայի մէջ` խորտակեցին Անտիոքոսի տէրութիւնը։ Դուռը բացուած էր Հայաստանի վերանկախացումին. Պիտի սկսէր Արտաշէսեան հարստութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.