2012-01-31 11:58:05

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կը Քննարկէ Սուրիոյ Շուրջ Արաբական-Արեւմտեան Բանաձեւը։


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր այսօրուան նիստին կը քննարկէ Սուրիոյ շուրջ արաբական-արեւմտեան բանաձեւը: Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի մեկնեցան Նիւ Եորք` Սուրիոյ հարցով արաբական նոր նախաձեռնութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու համար:
Մինչ այդ տեղեկութիւններ կան որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Հէյկ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ պիտի մասնակցին սոյն քննարկումին,
Միւս կողմէ` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը համաձայն էր սուրիական ընդդիմութեան հետ ոչ պաշտօնական բանակցութիւններ կատարելու, սակայն սուրիական ընդդիմադիր երեք հատուածներէն Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը յայտարարեց, որ իրենք մերժած են Սուրիոյ վարչակարգին հետ երկխօսութեան՝ Ռուսական հրաւէրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.