2012-01-31 12:10:48

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
՜՜Յուշերը Պահպանել՝՝


Ռատիօ Վատիկանի ընդհանուր տնօրէնը՝ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, իր շաբթուայ խմբագրականը նուիրեց <<Յուշերու Պահպանումին>> ։ Տրուած ըլլալով որ՝ անցեալ 27 յունուարին կը նշուէր Հրեաներու Հոլոքաուսթի՝ Զոհերու Յիշատակի Միջազգային Օրը։
67 տարիներ առաջ - կը գրէ Հայր Լոմպարտին - 27 յունուար 1945ին՝ վերջ կը գտնէր Աուշվիցի մարդկային արժանիքի դէմ գործադրուած անպատուութիւնը։
Մենք չենք կրնար ու պէտք չէ մոռնանք, ՜՜ Եթէ եղած են անձինք որոնք գործադրեցին այնպիսի անիմանալի արարքներ, ոչ մէկը մեզի կրնայ վստահեցնել թէ ասոնք չեն կրկնուիր ապագային, առ այդ՝ այս ՜՜Դառն Յիշատակը՝՝ ազդարարութիւն մը կը մնայ այսօրուայ ու բոլոր ժամանակներուն համար։
Ուշադրութիւն՝ 67 տարիները քիչ չեն։ Եւ այդ արարքներու ականատես վկաներու ցանկը օր է օր կը նուազի։Հարկ է բաժնեկցիլ մտահոգութիւնները անոնց որոնք մտավախութիւնն ունին որ՝ այն ամէնը մոռացութեան ենթարկուի, ու աւելի վատ դրժումի, որը՝ յաճախ կը բխի տգիտութենէ ու երբեմն ալ, քաղաքական, ցեղային եւ կրօնական ատելութեան դրդապատճառներէ։
Հոլոքաուսթի յիշատակը մարդկային պատմութեան համեմատութեան կարեւոր կետերէն մին է՝ հասկնալու համար թէ ի՞նչն է վտանգուած՝ է երբ կը խօսինք մարդու արժանապատութեան եւ մարդու համընդհանուր իրաւունքներու մասին, միասնաբար անոնց պաշտպանութիւնը դիմագրաւելու նպատակով։
Հաւատացեալներուն համար այս յիշողութեան ու յիշատակի վայրը աստուածաբանական վայր մըն է։
Վայր մըն է ուր արմատական հարցում կ՛ուղենք Աստուծոյ ու չարիքի մասին։ Քրիստոնեային համար ալ, Խաչեցեալի ուղղուած հայեացքի վայր մըն է` այն յոյսով որ անձկութիւնը տեղ ձգէ կեանքին։
ՅՊԲ՝ Լեհ Քահանայապետը եւ Պենետիկտոս ԺԶ. Գերմանացի Քահանայապետները, ըլլայ Աուշվիթս ըլլայ Եատ Վաշէմի մէջ, ոգեկոչեցին զոհերը։
Մենք ալ այս օրերուն նոյնը ըրինք, զօրակցութիւն յայտնելու նախ եւ առաջ հրեայ ժողովուրդին եւ բոլոր անմեղներուն, ոեւէ մէկ ազգի կամ լեզուի պատկանող՝ որոնք զոհ եղան մարդու արժանապատութիւնը դրժող դաժան ցեղասպանութեան







All the contents on this site are copyrighted ©.