2012-01-30 12:14:10

Սրբազան Քահանայապետի Գուպա Կատարելիք Առաքելական ճամբորդութեան Առթիւ, Համայնավար Կառավարութիւնը 3.000 Բանտարկեալներ Ազատ Արձակած Է։


Վատիկանի մօտ Գուպայի դեսպանը հաղորդելով մամուլին 3.000 բանտարկեալներու ներումի լուրը, իր խնդակցութիւնը յայտնած է իր կառավարութեան ցուցաբերած բարեացամակութեան համար։ Ան յոյս յայտնեց որ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը ըլլայ ''գեղեցիկ ու դրական'', եւ միաժամանակ ընդգծեց որ քրիստոնէական վարդապետութիւնը անբաժան մէկ մասն է Գուպայի ժողովուրդին։ Նշնք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գուպան պիտի այցելէ յառաջիկայ 26-28 մարտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.