2012-01-30 13:44:11

Երուսաղէմի Մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կալուածներու Շուրջ Վատիկան-Իսրայէլ Համաձայնութիւն։


Վատիկան եւ Իսրայէլ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ Երուսաղէմի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող կալուածներուն տնտեսական եւ տուրքերու վերաբերող հարցով Ժողովի ընթացքին խորքային յառաջդիմութիւն արձանագրուած է:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երկու կողմերէն կազմուած միացեալ յանձնախումբը իր ժողովը գումարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Վատիկանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Վատիկանի` պետութիւններու հետ յարաբերութեանց ընդհանուր քարտուղար Էթորէ Պալեսթրերօ եպիսկոպոսը, իսկ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն:
Բանակցութեանց մօտիկ աղբիւր մը կը յայտնէ, որ տուրքի եւ սեփականութեան խլման օրէնքներուն շուրջ տարակարծութիւնը կարելի եղած է լուծել` նշելով, որ «քաղաքապետական, կալուածային ու կաթողիկէ հաստատութեանց գործունէութեանց տուրքերուն, ինչպէս նաեւ հողերու սեփականութեան խլման հարցերուն շուրջ համաձայնութիւններ գոյացան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.