2012-01-30 12:12:51

Երանելի Հիլտէկարտ Պուրիանի Երանացման Առթիւ Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ։


Ավստրիոյ մայրաքաղաքի մայր տաճարին մէջ, Վիէննայի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպէօրնը նախագահեց գոհաբանական Սուրբ Պատարագին` Երանելի Հիլտէկարտ Պուրիանի երանացման արարողութեան առթիւ որ տեղի ունեցած էր կիրակի 29 յունաուրին։ Երանելի Հիլտէկարտ Պուրիան աշխարհական հիմնադրուհին է ՝՝Գարիթաս Սոչիալիս՝՝ կոչուած կրօնական հասարակութեան։ Ան ծնած էր Կէօրլիթզ (Գերմանիա) 1883ին հրեայ ծնողքէ մը։ 1909ին Հիլտէկարտ զարմանալիօրէն կը բժշկուի ծանր հիւանդութենէ մը , որ զինք դարձի կը մղէ քրիստոնէութեան։ Ան 1912ին կը հիմնէ ՝՝ Աշխատող Քրսիտոնեայ Կիներու Ընկերութիւնը՝՝ իսկ 1918ին ՝՝ Ընկերային Օժանդակութեան Ընկերութիւնը՝՝։ Բայց Հիլտէկարտ Պուրիանի մեծ յաջողութիւնը կը մնայ աղքատներու ի սպաս Կրօնական Հասարակութեան Հիմնադրութիւնը , 4 հոկտեմբեր 1919ին, Գարիթաս Սոչիալիս (Caritas Socialis) անունով, որ մասնաւորապէս կը զբաղի կեանքի դժուար պայմաններու մէջ գտնուող կիներով ու երախաներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.