2012-01-30 13:44:37

Բանտարկուած Լրագրողներու Թիւով Առաջին Դիրքերը Գրաւող Թուրքիան Իր Թիրքը Կամրապնդէ՝ Ձերբակալելով Այլ Լրագրող մը Եւս։


«Ազատ Հայրենիք» քրտական թերթի Մարտինի լրագրող Ազիզ Թէքինի ձեռբակալութեան եւ կալանքի տակ առնուելուն առիթով՝ Ազատազրկուած Լրագրողներու Զօրակցութեան ամպիոնը Յունուար 29ին տարածած է յայտարարութիւն: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Տէմոքրաթ Հապէր» կայքը:
Յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի, որ Ազիզ Թէքինի ձերբակալութեամբ, Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներուն թիւը կը հասնի 105ի եւ բանտարկեալ լրագրողներու թիւով Թուրքիա կը գտնուի առաջին դիրքերու վրայ:
«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան 2011ի տարեկան զեկոյցին մէջ՝ աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան տեսանկիւնէն՝ Թուրքիա նախորդ տարուան հետ համեմատելով՝ ետ դարձ կատարելով դասուած է 148րդը: «Ասիկա Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Իշխանութեան գլուխ գտնուող Կուսակցութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքին արդիւնքն է» - ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ 28 Յունուար 2012ին Ազիզ Թանէր ձերբակալուած եւ նոյն օրը բանտարկուած էր՝ Մարտինի Քըզըլթէփէ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի KCK(Քիւրտիստանի Համայնքներու Միութիւն ) գործողութեան ժամանակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.