2012-01-29 10:46:01

Սպանիա - Աւելի Քան 180.000 Ուխտաւորներ 2011-ին՝ Ուղղուեցան Ս. Յակոբ Առաքեալի Սրբավայրը։


Ս. Յակոբ առաքեալի սրբավայրը տանող` Եւրոպայի ուղիները, 2011-ին առաջնորդեցին աւելի քան 180 հազար ուխտաւորներ, անոնց մեծամասնութիւնը ուխտագնացութիւնը հետիոտն կատարեցին։ Վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ ուխտաւորներու 58 տոկոսը այր մարդիկ են, ասոնցմէ 28 տոկոսը երիտասարդ՝ իսկ 30-60 տարեկան ուխտաւորները կը կազմէին 57 առ հարիւրը։
Յայտնենք որ ԺԱ. դարուն սկսած՝ այս ուխտագնացութեան նպատակն է, այցելել ս. Յակոբ առաքեալի գերեզմանը, որ կը գտնուի Սան Ճագոմօ տի Գոմբոսթելա մայր տաճարին գետնայարկը։ Երջանկայիշատակ Աղեքսանդր Զ. Քահանայապետը 1492-ին պաշտօնապէս հռչակած է ս. Յակոբ առաքեալի սրբավայրը որպէս քրիստոնէութեան երրորդ մեծագոյն ուխտատեղին, Երուսաղէմէն եւ Հռոմէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.