2012-01-29 12:53:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 29 յունուար 2012 կէսօրին` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ որոնց շարքին կային նաեւ մեծ թիւով` Հռոմի Թեմի <> կաթողիկէ բանւոարական միջազգային շարժումի երիտասարդ երիտասարդուհիներ, Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Վալլինիի առաջնորդութեամբ ու իրենց ընտանեկան պարագաներու ընկերակցութեամբ։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներու վրայ ուր կը խօսուի Յիսուսի կափառնաումի ժողովարանին մէջ քարոզութեան մասին։
Սրբազան Հայրը նշեց թէ մարդիկը տեսնելով Յիսուսի հեղինակութիւնը հաւատացին անոր որովհետեւ - հաստատեց Նորին Սրբութիւնը - Յիսուսի խօսքը որ ուղղուած է մարդոց անոնց առջեւ կը բանայ կարելիութիւնը հասկնալու Հայրը ու ճշմարտութիւնը։
Մարդոց համար հեղինակութիւն` յաճախ կը նշանակէ տիրապետում` իշխանութիւն` յաջողութիւն - յարեց Սրբազան Հայրը ու աւելցուց- իսկ Աստուծոյ համար հեղինակութիւն կը նշանակէ ծառայութիւն` խոնարհութիւն` սէր։ Կը նշանակէ տրամաբանել Յիսուսի նման` որ կը լուայ իր աշակերտներու ոտքերը` կը փնտռէ մարդուն իսկական բարիքը` կը բուժէ վերքերը ու կարող է սիրել անհուն սիրով մինչեւ իր կեանքը զոհելով ուրիշներուն համար` որովհետեւ Ինքն է Սէրը։

Սիրելի բարեկամներ -ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը - յառաջիկայ 2 փետրուարին պիտի տօնենք Տեառնընդառաջը ու նոյն օրը կը նշենք Նուիրեալ Կեանքի համաշխարհային որը։ Յայցենք Ամէնասուրբ Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի առաջնորդէ մեր սրտերը ձգտելու Աստուածային ողորմութեան` ու ազատէ եւ բուժէ մարդկութիւնը, ու սիրոյ իշխանութեամբ մեզ լեցնէ շնորհքի պարգեւներով։

Սրբազան Հայրը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու անդրադրձաւ Վիէննայի մէջ այսօր կատարուած` Հիլտէկարտ Պուրիանի երանացման արարողութեան` Բորոտախտէ տառապողներուն այսօր նշուած Համաշխարհային Օրուան ինչպէս նաեւ ''Սուրբ Երկրի խաղաղութեան ի նպաստ բարեխօսութեան միջազգային օրուան''։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա յատուկէն ողջույնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած <> երիտասարդական բանուորական շարժումի անդամներուն որոնք` ինչպէս ամէն տարի, խաղաղութեան նուիրուած Յունուար ամսուայ վերջը <<խաղաղութեան կարաւան>> ձեռնարկի միջոցաւ կ՛եզրափակեն ամիսը։ Այս առթիւ <>ի երիտասարդներէն մին Սրբազան Քահանայապետի մօտ կանգնած կը կարդայ պատգամ մը ու ապա Սրբազան Հօր հետ միասին` գրասենեակի պատուհանէն, ազատ կ՛արձակուին երկու սպիտակ աղաւնիներ որպէս խորհրդանիշ Հռոմի ու համայն աշխարհի խաղաղութեան։Աւանդութիւն մըն է այս սկիզբ առած է ՅՊԲ օրով 1985ին։
Աղաւնիներու թռիչքէն ետք Նորին Սրբութիւնը բարի կիրակի մաղթեց բոլորին ու ապա տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.