2012-01-29 10:43:48

Անգարայի մօտ՝ Ամերիկայի Դեսպանը Անցեալին Հետ Հաշտուելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ.


Թուրքիոյ մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Ֆրենսիս Ռիքքարտոնէ Հինգշաբաթի, Յունուար 25ին, անդրադառնալով Ֆրանսայի Խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին՝ ըսաւ, թէ ՝՝Թուրքիա պէտք է իր պատմութեան մութ էջերուն հետ դէմ յանդիման գայ, եթէ կը փափաքի երկիրը աշխարհի ամենամեծ տնտեսութիւնը ունեցող ցուցակին առաջին տասնեակին հասցնել՝ մինչեւ 2023 թուական, ինչպէս խոստացած էր վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան՝՝: Ան աւելցուց, թէ պատմաբանները պէտք է Թուրքիոյ մէջ ազատօրէն եւ անկեղծօրէն քննեն երկրին պատմութեան «ցաւալի էջերը»՝ դրական նկատելով վերջին քանի մը տարիներուն այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը:
Ամերիկացի Դեսպանը նաեւ յոյս յայտնած է, թէ այս տագնապին հետեւանքով Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները չեն վատթարանար:








All the contents on this site are copyrighted ©.