2012-01-28 13:13:22

Ս. Աթոռի Կոչը Բորոտներու Համաշխարհային Օրուան Առթիւ։


Բորոտներու համաշխարհային օրուան առթիւ գերապայծառ Զիմովսքի նախագահը` առողջապահութեան հովութեան քահանայապետական խորհուրդին, կոչ ուղղած է բոլոր հաւատացեալներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց, յանձնառումով գործելու՝ որպէսզի բորոտութիւնը դադրի սպառնալիք կամ համաճարակ դառնալէ։
գերապայծառ Զիմովսքի նաեւ կը գնահատէ Ռաուլ ֆոլերօ հիմնարկութեան եւ Մալթայի կարգին տարած աշխատանքը բորոտներու մօտ, նաեւ կոչ կ'ուղէ կառավարութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն բազմապատկելու իրենց ջանքերը բորոտութեան ծաւալումին դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.