2012-01-28 12:41:50

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտական Պլոկը Համացանցի Մէջ։


Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտներ՝ առաջարկած են ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհի՝ ու վարժարանի ֆրանսերէնի համակարգող՝ Տիկ. Հասնա Ապու Իլիասին, որպէսզի ստեղծուի համացանցի մէջ ֆրանսերէնով պլոկ մը։ Վարժարանի տնօրէնի քաջալերանքով անոնք դիմեցին վարժարանի համացանցային էջի պատասխանատու, “e-novation” ընկերութեան տնօրէն՝ Պր. Ռաֆֆի Տեմիրճեանին որմէ ետք սկսաւ համացանցի էջին մէջ խումբին պլոկի ստեղծման աշխատանքներուն։ 23 Յունուարին, Պր. Տեմիրճեան հանդիպում ունեցաւ տնօրէնի, ուսուցիչին ու աշակերտներուն հետ ու բացատրեց պլոկէն օգտուելու մասին, որմէ ետք ՜՜համացանցի մէջ խումբին էջը գործի դրուեցաւ՝ “Oflambo” անուան տակ։ Այս պլոկին անդամակցող աշակերտները առիթը պիտի ունենան ֆրանսերէն լեզուով' արտայայտուելու, նաեւ' իրենց միտքերը ու կարեւոր տեղեկութիւնները ֆրանսերէնով իրենց հասակակիցներուն փոխանցելու։ Ըստ ֆրանսերէն լեզուի համակարգող Տիկ. Հասնա Ապու Իլիասի, ասիկա առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի մեսրոպեանցի աշակերտները, (եւ ոչ միայն մեսրոպեանցիները) այլ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին անդամակցիլ այս պլոկին, կարենան ազատօրէն արտայայտուիլ ֆրանսերէն լեզուով, աւելի զօրացնելով իրենց լեզուական գիտելիքները, ինչպէս նաեւ անոր ընդմէջէն կարենան քաղել հետաքրքրական տեղեկութիւններ բազմաթիւ նիւթերու վերաբերեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.