2012-01-27 13:48:33

Այսօր 27 Յունուար Կը Նշուի Հոլոքաուսթի Զոհերու Յիշատակի Միջազգային Օրը։


Հոլոքաուստի զոհերու յիշատակի միջազգային օրուան առիթով՝ այսօր աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ` ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա, Ռուսաստան ու նաեւ Իտալիա կ'իրականացուին Ոգեկոչման արարողութիւններ:
26 Յունուար 2007ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը ընդունեց «Հոլոքաուսթը ժխտելու» մասին 61/255 բանաձեւը, որ կը դատապարտէ 1933-45 թուականներուն հրեաներու Հոլոքաուսթի (Ցեղասպանութեան) ժխտումը: Բանաձեւը` Հոլոքաուսթի ոգեկոչման օր հռչակեց Յունուար 27ը` «Օսվիէչիմ-ի / Oswiecim» կեդրոնացման ճամբարի` խորհրդային զօրքերուն կողմէ ազատագրման օրը:
27 Յունուար 1945ին Կարմիր Բանակի զինուորները ազատ արձակեցին ՝՝Օսվիէչիմ՝՝ը փրկելով 3790 անձերու կեանքը:
Օսվիէչիմը կառուցուած էր Հիթլերի հրամանով, 1941ին, լեհական Գրագուվ քաղաքէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ : Ան դաժանութեան ու մարդատեացութեան խորհրդանիշ է: Այս կեդրոնացման ճամբարը ամենախոշորն էր այլ «մահուան գործարաններէն»: Այս եւ այլ ճամբարները, Նացիական Գերմանիոյ ղեկավարութեան օրերուն, պէտք է «լուծէին» գրաւեալ տարածքներու մէջ բնակող «ստորին ցեղերու » ոչնչացման խնդիրը: Օսվիէչիմի դերը յատկապէս մեծցաւ Վանզէի մէջ 1942ին իրականացուած խորհրդակցութիւններէն ետք, որոնք նուիրուած էին «հրեաներու հարցի վերջնական լուծման»:
Ճամբարի գոյութեան առաջին փուլը (մինչեւ 1942 ի կէսերը) պատմաբանները կ’անուանեն «լեհական ժամանակահատուած», քանի որ այդ ժամանակ բանտարկեալներու մեծ մասը Լեհաստանի բնակիչներն էին: Երկրորդ փուլը կոչուեցաւ «հրեական»: տարբեր տուեալներով` միայն Օսվիէչիմ-ի մէջ զոհուած է 1.5-2.5 միլիոն մարդ:
Առաջին անգամ «Հոլոքաուսթ» "Olocausto"եզրը գործածուեցաւ ամերիկեան մամուլի մէջ, 1960ականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.