2012-01-26 13:24:38

ֆրանսայի Ծերակոյտի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Ընդունումը Ողջունող Ձեռնարկ Մեսրոպեան եւ Հարպոյեան Վարժարաններու մէջ- Լիբանան։


Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը 24 Յունուարին Հանդիսաւոր կերպով ողջունեց 23 յունուարին՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը վարժարանի շրջափակին մէջ,
Նախ բարձրացուեցաւ Ֆրանսայի պետական դրօշը՝ պետական քայլերգի հնչիւններու ներքոյ։ Խօսք առին՝ վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեան, վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտուհի՝ Մարինէ Հալլաճեան։
Այնուհետեւ, Ֆրանսայէն ուղիղ կապով, Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան, իր վկայութիւնը փոխանցեց 23- յունուարի դէպքերուն մասին։ Ան նախ շնորհաւորելով համայն հայութիւնը «այս յաղթանակին համար», յատկապէս ըսաւ. «Պատմական յաղթանակ էր այս օրինագիծին ընդունումը։ Ան նաեւ ըսաւ,որ Ծերակոյտի շէնքին առջեւ, հրապարակի վրայ հաւաքուած բազմութեան մէջ կային «մամիկներ, պապիկներ (նոյնիսկ 87 տարեկան) եւ մանուկներ, որոնք եկած էին այս սենատի առջեւ իրենց ձայնը տալու։ Գիշերը, ժամը 11-ի ատենները, երբ ուրախ լուրը առինք, բոլորը պոռացին «յաղթեցի՜նք», «կեցցէ Ֆրանսան» եւ բոլորը երգեցին Մարսելիէզը, իսկ ֆրանսահայ յայտնի երգիչ Վիգէն Դարբինեան երգեց «Զարթիր Լաօ»ն բոլորս ալ ձայնակցեցինք իր հետ»։ Խօսքը ուղղելով մեսրոպեանցիներուն, Հայր Գէորգ Ասատուրեան ըսաւ. «Դուք մեծ եւ պզտիկ մեր ապագան էք, եւ սկսած այս գործին շարունակողները, մեր արդար դատը պաշտպանողները»։
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ հիւր-պատգամախօսին՝ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն՝ Աւօ Կիտանեանին, որ ըսաւ. «Այսօրուան Եւրոպայի հզօրագոյն երկիրներէն՝ Ֆրանսան իր բոլոր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առեւտրական շահերը վտանգելու գնով, որոշեց հայ ժողովուրդի իրաւունքի հաշուոյն արդարութիւն կայացնել՝՝։
Դարձեալ Ֆրանսայէն ուղիղ կապով, իր վկայութիւնը փոխանցեց Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն՝ Պր. Հրաչ Վարժապետեան, ան ըսաւ որ այս յաղթանակը ամբողջ հայութեան յաղթանակն էր։ Փակման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստ որ յատկապէս ըսաւ. Մենք Վարդանի ժառանգորդներն ենք, վասն Քրիստոսի, վասն հայութեան, մէկ ձեռքին խաչ, միւսին՝ սուր պայքարած ենք ու պիտի պայքարինք մինչեւ վերջնական յաղթանակ։ Ձեռնարկի աւարտին, խօսք առնելով Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ՝ Արհի. Տ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան որ մաղթեց որ հայերը օր մը տեսնեն ՜՜ազատ, անկախ Հայաստանը ամբողջական, ուր բոլորը հաւաքուին։ Մեր աղօթքները ապարդիւն չէին, ըսաւ ան, Աղօթեցինք եւ այսօր մասամբ ստացանք պատասխան։ Յուսանք, որ օր մըն ալ կը ստանանք մեր աղօթքներուն ամբողջական պատասխանը։ Հայ ազգը ապրող ազգ է, երբեք չի մեռնիր»։ Այնուհետեւ Տէրունական աղօթքով փակեց ձեռնարկը։
Նոյնպէս Զալքայի Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները երախտագիտութիւն յայտնեցին ֆրանսային , 25 Յունուարի առաւօտեան սուրբ Պատարագին արարողութենէն ետք, Խօսք առին Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան որ իւրայատուկ նկատեց այս առիթը, որովհետեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ կատարուած այս մեծ քայլը յաղթանակ մըն է ամբողջ հայութեան համար: Ան ըսաւ նաեւ որ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ժառանգորդ հայ ժողովուրդը ամենուրէք միակամ հաւատքով դարձեալ խօսքը աշխարհին ուղղելով կ'ըսէ, թէ իրականութիւնները կարելի չէ քօղարկել, ճշմատութիւնները կարելի չէ չբացայայտել, եւ պիտի գայ այն օրը, երբ հայոց անժամանցելի դատը պիտի ստանայ իր արդար լուծումը եւ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, շնորհիւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի վճռակամ աշխատանքին եւ անզիջելի պայքարին:








All the contents on this site are copyrighted ©.