2012-01-26 12:44:52

Քրիստոսի Մէջ Միացած Քրիստոնեաները Կանչուած Են Բաժնեկցելու անոր Առաքելութիւնը (Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) Եզրափակելով Քրիստնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը։


Չորեքշաբթի 25 յունուարի երեկոյեան ժամը 17.30 Հռոմի Սուրբ Պօղոս-ի անուան Պազիլիքայի մէջ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Քրիտոնաեներու Միութեան Աղօթքի շաբթուայ Ժամասացութեան եզրափակիչ արարողութիւնը։ Իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեծապէս քաջալերեց դէպի համամիութիւն տանող ճանապարհի ուղեւորութիւնը։
Հակառակ դժուարութիւններուն եւ տարապանքներուն որոնք արգելք կրնան հանդիսանալ, Քրիստոնեաները կարող են ու պարտադիր ապագային նայելու յոյսի աչքերով ( ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց) այսօրուայ մշակոյթի ըմբռնումով յաղթանակի հայեցակէտը կապուած է ամիջական յաջողութեան հետ, սակայն Քրիտոնէական տեսլականով յաղթանակը վերափոխութեան եւ զարգացումի երկար գործընթացք մըն է ու կը պահանջէ խոր հաւատք եւ յարատեւ համբերութիւն։

Քրիտոսի մէջ միացած Քրիստոնեաները կանչուած են բաժնեկցելու Անոր առաքելութիւնը, այն է յոյս ներշնջել հոն ուր կ՛իշխէ ատելութիւնն ու անարդարութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով <<ամբողջական միութեան կէտնպատակին ձգտիլը երկրորդական դասակարգի յաղթանակ մը չէ ,այլ անհրաժեշտ իրողութիւն մը մարդկային ընտանիքի բարիքի համար։
Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզին մէջ ապա յիշեց թէ ինչպէս ճիշդ Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքայի մէջ , 25 յունուար 1959-ին Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը յատարարծ էր Վատիկանեան Բ, Տիեզերական ժողովի գումարումը որուն աշխատանքներու բացման 50րդ Յոբելեանը պիտի տօնուի 2012-ի աշնան։

Սրբազան արարողութեան սկիզբը Քրիտոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորդուրդի նախագահ կարտինալ Գիւրտ Գոխը Սրբազան Քահանայապետին շնորհակալութեան խօսք մը ուղղած էր Քրիստոներու Միութեան գծով իր տարած հոգածութեան համար ։

Ըստ աւանդութեան արարողութեան մասնակցեցան այլ քրիտոնեայ դաւանանքներու եկեղեցական ներկայացուցիչներ որոնց շարքին նշենք Վերապատուելի Տավիտ Ռիչարտսոնը Սուրբ Աթոռի մօտ Գանթպըրրիի Արքեպիսկոպոսութեան ներկայացուցիչը ու Իտալիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Կէննատիոս Մետրապոլիտը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.